Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՆԱՇՀԻԻ ՄէՋ. «ՂՈՍԸՆԻ ԴԷՄ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ ԲԱՆԱԿԸ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՖՐԵՆԺԻԷ

January 3, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սլէյման Ֆրենժիէ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի դէմ կատարուած ցեխարձակումները թիրախ կը դարձնեն լիբանանեան բանակն ու անոր դերակատարութիւնը:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Քայիտայի ցանց գոյութիւն ունի` կոչ ուղղելով երկրին պատասխանատու իշխանութիւններուն այս գծով ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:

Մարատա հոսանքի ղեկավարը կոչ ուղղեց զգուշանալու լիբանանեան բանակին դէմ սպառնալիքէն եւ աւելցուց, որ հինգ տարի շարունակ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի թափած արեամբ առեւտուր կատարողը անպայման որ առեւտուր կը կատարէ Արսալի եւ Մաժտալ Այնճարի բնակիչներուն հետ, որովհետեւ առեւտրականը կը մնայ առեւտրական:

Ֆրենժիէ խստիւ դատապարտեց այն իրականութիւնը, որ սիւննի համայնքը վախցնելու մնայուն փորձեր կան այն աստիճան, որ այդ համայնքը չկարենայ հանդուրժել սիւննի համայնքի չափաւորական ներկայացուցիչ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Անդրադառնալով սուրիական իրադարձութիւններուն` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի սուրիական վարչակարգին` անոր փառքի օրերուն եւ անոր վկայած ներկայ տագնապալի օրերուն ընթացքին: «Մենք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը փորձենք օժանդակել սուրիական վարչակարգին, սակայն այդ օժանդակութիւնը կամ ծառայութիւնը Լիբանանի հաշուոյն պիտի չըլլայ: Մենք օր մը օրանց չենք վարուած այնպէս մը, որ Սուրիան ըլլայ մեր հեղինակութիւնը, այլեւ վարուած ենք այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որ նախագահ Պաշշար Ասատը մեր դաշնակիցն է ու բարեկամը», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ համայնք կամ շրջան թիրախ կը նկատուի` աւելցնելով սակայն, որ երկրին ապահովական կառոյցները երկուքի բաժնուած են:

«Կան ապահովական որոշ կառոյցներ, որոնց պատկանելիութիւնը եւ ուղղուածութիւնը յստակ է: Ես կը մաղթեմ, որ օր մը լիբանանեան բանակին մօտ գտնուող տեղեկութիւնները բացայայտուին եւ յատկապէս բացայայտուին հեռաձայնային հաղորդակցութեանց վերաբերող գաղտնի լսումներուն մանրամասնութիւնները: Հաստատ, որ Լիբանանի մէջ Քայիտայի ցանց գոյութիւն ունի եւ ահաբեկչութիւններ կը գործէ», շեշտեց ան` հարց տալով, թէ ի՞նչ ըսել է Լիբանանը անցք է եւ ոչ կեդրոն:

Ֆրենժիէ խստիւ դատապարտեց այն պատասխանատուները, որոնք պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած են, սակայն թոյլ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն:

Անուղղակիօրէն ներքին գործոց նախարարին ակնարկելով` Ֆրենժիէ ըսաւ, որ երբ մէկը պատասխանատու է ապահովական կառոյցին, սակայն կը գործէ այնպէս մը, որ ինք տակաւին այդ կառոյցին սովորական անդամն է, ապա ասիկա հարց է:

«Հարկ է հարց տալ լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ գաղտնի սպասարկութեան, որ Քայիտայի ցանց կա՞յ երկրին մէջ, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ, անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հերքումի մօտեցումին, Սլէյման Ֆրենժիէ ըսաւ, որ մէկը կը վախնայ իր վարկին վրայ, իսկ միւսը` իր սիւննիականութեան վրայ:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ինք տեղեկութիւններ ունի, թէ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին Լիբանանի մէջ ստեղծել Սուրիան թիրախ դարձնելու բացատ մը:

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՇԱՐՊԵԼ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ՊԷՏՔ Է ՄԻՋԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑՆԵԼ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.