Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Վերաբնակեցման Ուղղութեամբ ՀՅԴ-ի Աշխատանքները Շարունակական Են»

December 18, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի մէջ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան 16 դեկտեմբերին այցելեց Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնք` վերաբնակեցուող տարածքին մէջ ապրողներու խնդիրներուն ծանօթանալու եւ վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական իրականացման ուղղութեամբ Դաշնակցութեան մօտեցումները ներկայացնելու:

Դաւիթ Իշխանեանին կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Քաշաթաղի վարչակազմի տեղակալ Մարինէ Պետոյեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեոշա Գաբրիէլեան:

Աղաւնոյ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ դաշնակցական գործիչները հանդիպում ունեցան դպրոցի ղեկավար կազմին հետ, այցելեցին գիւղին մէջ կառուցուող նոր թաղամաս, դպրոցի շինարարական հարթակ:

Աղաւնոյի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ ՀՅԴ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցները Արցախի մէջ վերաբնակեցման քաղաքականութեան աջակցող եւ իրագործող հիմնական դերակատարներէն են:

«Վերաբնակեցման ուղղութեամբ ՀՅԴ աշխատանքները շարունակական են` ամրագրուած ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Շրջանային ժողովներու  որոշումներուն մէջ: Մենք կը կարծենք, որ վերաբնակեցման յաջող ծրագիրի հեռանկարը կարելի է ճիշդ քաղաքականութեան մշակման եւ վարման պարագային», յայտնեց Իշխանեան` նշելով, որ վերաբնակեցման քաղաքականութեան վերաբերեալ ՀՅԴ-ի տեսլականները պիտի արտացոլան ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ:

Օրեր առաջ «Ապառաժ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աղաւնոյի համայնքապետ, ՀՅԴ Քաշաթաղի կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Չաւուշեան ըսաւ, որ Աղաւնոյի մէջ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են 12 տուներէ բաղկացած նոր թաղամասի, դպրոցի ու խաղահրապարակի շինարարական աշխատանքները: Ըստ անոր, գիւղը լուծում պահանջող շարք մը խնդիրներ ալ ունի` մանկապարտէզի շինարարութիւն, ջրամատակարարում:

«Եթէ մեր նախնիները մեզ ապահոված են ազատագրուած հայրենիքով, ապա մենք պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ ու շէնացնել այս հողերը: Բնակեցնելով Աղաւնոն` մենք կը կատարենք հայրենիքի, նահատակուածներուն եւ կենդանի հերոսներուն առջեւ պարտքը», յայտնեց Անդրանիկ Չաւուշեան:

 

 

Նախորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Գումարուեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Ազգային Ժողովներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յանձնախումբի Նիստը

Յաջորդը

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը». Նուիրաբերումի Հայ Մարդուն Առաքինութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.