Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անդրադարձած են միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնց շարքին` բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:
Անդրադարձի հեղինակ Ճուլիըն Պորկըր կը նկատէ, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1,5 միլիոն հայերու սպանութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցող բանաձեւը որդեգրուած է` արհամարհելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
«Ասիկա ամերիկահայերուն կողմէ աւելի քան կէս դարէ ի վեր տարուող արշաւի գագաթնակէտն է», կը գրէ հեղինակը` նկատելով, որ մինչեւ հիմա Թուրքիան, օգտագործելով ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը ըլլալու լծակը, կանխարգիլած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ լուրջ հետեւանքներով սպառնացած: Մինչդեռ Սպիտակ տունը, վախնալով առաւել եւս բարդացնել առանց այդ ալ Էրտողանի հետ լարուած յարաբերութիւնները, փորձած է սառեցնել Ծերակոյտի քուէարկութիւնը:
«Վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին Հանրապետական կուսակցութեան երեք տարբեր ծերակուտականներ Ծերակոյտին մէջ արգելակած են համապատասխան բանաձեւը, սակայն անցեալ հինգշաբթի Թրամփ չյաջողեցաւ Ծերակոյտին մէջ իր աջակիցներէն ոեւէ մէկը համոզել ընդդիմանալու բանաձեւին», կը շարունակէ Պորկըր:
«Նախագահին մօտ ուղղակի վերջացան հանրապետական ծերակուտականները», Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի խօսքը կը մէջբերէ հեղինակը: Ըստ Համբարեանի, արդէն ժամանակն է, որ նախագահը եւս ընդդիմանայ Էրտողանին:
Ինչ կը վերաբերի բանաձեւի գլխաւոր հեղինակ ծերակուտական Պապ Մենենտեսին, ապա քուէարկութենէն ետք ան չէ կրցած զսպել իր յուզումը: «Ծերակոյտին յարիր է պատմութեան ճշմարիտ կողմին կողքին կանգնիլը», ըսած է ծերակուտականը:
Պատմական քուէարկութեան անդրադարձած է նաեւ «Տէյլի Մէյլ»-ը` յիշեցնելով, որ Ծերակոյտը վիճայարոյց բանաձեւը որդեգրած է միայն 4-րդ փորձէն ետք, եւ որ նախորդ երեքը արգելակուած են Սպիտակ տան խնդրանքով:
Կը նշուի, որ որդեգրուած բանաձեւը, որ առաւել եւս պիտի սրէ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները, իրաւական տեսանկիւնէն ուժ չունի, եւ նախագահ Թրամփը պարտաւոր չէ զայն ստորագրել:
«Տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է, եւ անոր պատասխանատուութիւնը կը կրէ Թուրքիան: Գործընկերներուս կ՛ըսեմ, որ ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն է: Այս կառոյցին անդամները պէտք է քաջութիւնը ունենան եւ ատիկա ըսեն յստակօրէն, առանց տարակուսանքի», քուէարկութենէն ետք ըսած է Մենենտես` գոհունակութիւն յայտնելով այն առնչութեամբ, որ բանաձեւը որդեգրուած է այն ժամանակ, երբ Ցեղասպանութենէն վերապրածներէն ոմանք տակաւին ողջ են:


