Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Քաղաքական Ղեկավարութիւնը Տեսակցեցաւ Անճէյ Քասփրչիքին Հետ

December 14, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 13 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Արցախի նախագահին հետ հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Մասիս Մայիլեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը: Այս պարունակին մէջ Մասիս Մայիլեան անդրադարձաւ 29 նոյեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտման դէպքին, որուն պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուած է պաշտպանութեան բանակի զինուոր Ռաֆայէլ Ազիզեան: Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ նման միջադէպեր անգամ մը եւս կը փաստեն, որ անհրաժեշտ է կեանքի կոչել զինադադարի դրութեան միջազգային վերահսկման մեքանիզմներու ներդրման ուղղութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւնները:

Զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին 17-21 նոյեմբերին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջնորդութեամբ կազմակերպուած Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ազրպէյճանէն լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւններուն արդիւնքները: Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ նմանատիպ նախաձեռնութիւններ պէտք չէ ինքնանպատակ բնոյթ կրեն, այլ` առաւելագոյնս նպաստեն կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչ որ առանցքային նշանակութիւն ունի խաղաղ լուծման հոլովոյթի յառաջմղման համար: Այս առումով արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ, որ վերջին շրջանին ազրպէյճանական կողմի գործողութիւնները, յատկապէս 3 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի մէջ տարածուած յուշագիրը, կը հակասեն վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման վերաբերող նախաձեռնութիւններու տրամաբանութեան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «2020 Թուականին Պիտի Սկսին Քարիւղի Եւ Բնական Կազի Հորատման Աշխատանքները, Ինչ Որ Դրական Խթան Կը Հանդիսանայ Տնտեսութեան Համար»

Յաջորդը

Կարօ Փայլան. «Հայ Ժողովուրդի Վէրքերը Կրնայ Ապաքինել Միայն Թուրքիոյ Խորհրդարանը»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.