Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ` Ռուս-Ուքրանական «Օգտակար, Գործնական Ու Անկեղծ» Բանակցութիւններ Եւ Համաձայնութիւն

December 11, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Փարիզի մէջ «Նորմանտական քառեակ»-ի վեհաժողովէն ետք յայտնեց, որ գերիներու` «բոլորը` բոլորի դիմաց» ձեւաչափով փոխանակումը պիտի սկսի 24 դեկտեմբերին:

Ան ընդգծեց, որ փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ ոչ ուշ, քան 31 դեկտեմբերը:

Փարիզի մէջ «Նորմանտական քառեակ»-ի վեհաժողովին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի համաձայնութիւն գոյացուցին «բոլորը` բոլորի դիմաց» ձեւաչափով գերիներու փոխանակման շուրջ:

Կողմերը նաեւ համաձայնեցան մարտ 2020-ի վերջաւորութեան Տոնպասի երեք նոր կէտերու վրայ ուժերու տարանջատման շուրջ: Բացի ատկէ, «Նորմանտական քառեակ»-ի ղեկավարները նաեւ հանդէս եկան Ուքրանիոյ սահմանադրութիւնը «Շթայնմայըրի բանաձեւով» բարեփոխելու ի նպաստ:

«Շթայնմայըրի բանաձեւ»-ը կ՛որոշէ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի մարզերու առանձին շրջաններու յատուկ կարգավիճակի վերաբերեալ ուքրանական օրէնքի ուժի մէջ մտնելու կարգը: Փաստաթուղթին համաձայն, ատիկա պէտք է ուժի մէջ մտնէ Ուքրանիոյ սահմանադրութեան եւ ուքրանական օրէնսդրութեան համապատասխան եղող արտակարգ տեղական ընտրութիւններու քուէարկութեան օրը:

Ըստ բանաձեւին, նշեալ երկու տարածքներուն մէջ ընտրութիւնները պէտք է վերահսկուին ԵԱՀԿ-ի կողմէ, ատիկա համաձայնութեան պարտադիր պահանջն է:

Փութին յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի գործակցի Տոնպասի իրավիճակը կարգաւորելու համար: Ան անհրաժեշտ նկատեց փոխել ուքրանական սահմանադրութեան Տոնպասի վերաբերող բաժինը եւ աշխատանք տանիլ համաներումի գործադրութեան համար: Փութին վեհաժողովը նկատեց «օգտակար»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին յայտնեց, որ ժողովի ընթացքին քննարկուած է զինադադարի եւ ուժերու տարանջատման հարցը` ընդգծելով. «Պիտի շարունակենք Մինսքի համաձայնութեան գործադրութիւնը»:

Զելենսքի յայտնեց, որ աշխատանք կը տանի «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ու արդարութեան համար, եւ ժողովը գումարուեցաւ գործնական ու անկեղծ մթնոլորտի մէջ»: Ան նշեց, որ ժողովի ընթացքին կարեւոր նկատած է, որ Ուքրանիան վերահսկէ իր սահմանները, ինչպէս նաեւ շեշտած է «օտար ուժերու հեռացման երաշխաւորման» հարցը:

Զելենսքի ըսաւ, որ պիտի չարտօնէ «Ուքրանիոյ սահմանադրութիւնը փոխել եւ զայն վերածել դաշնակցային պետութեան»:

Ուքրանիոյ նախագահի բանբեր Եուլիա Մենտել աւելի ուշ յայտնեց.«Այսօր ինչ ալ գրեն, մեծ մասը սխալ է: Իրականութեան մէջ բանակցութիւնները յաջող ընթացած են»:

 

Նախորդը

«Պերլինի Մէջ Սպաննուած Վրաստանի Քաղաքացին Մոսկուայի Փապուղիին Մէջ Պայթումներու Կազմակերպիչներէն Մէկն Էր» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Էրտողան Քննադատած Է Այս Տարուան Գրականութեան Նոպելեան Մրցանակի` Պոսնիոյ Ցեղասպանութիւնը Չճանչցող Հանքէին Յանձնումը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.