Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մէջ Հնչեց Կոմիտասի Երաժշտութիւնն Ու Արծարծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

December 11, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի գրասենեակին մէջ, Հայաստանի առաքելութեան կողմէ նախաձեռնուած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան նուիրուած խորհրդաժողովը սկսաւ Կոմիտասի երաժշտութեամբ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն «Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ընդգծած է, որ հայ ազգը 20-րդ դարու սկիզբը անցած է Ցեղասպանութեան սարսափներէ, ուստի Հայաստանը յատուկ պարտաւորութիւն ունի միաւորելու ցեղասպանութեան յանցանքի կանխարգիլման ջանքերը: Անոր համաձայն,  ցեղասպանութեան իրականացման կը նախորդեն իրադարձութիւններ, որոնց ընթացքին երկրի խոցելի խումբերուն իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները ճնշման կ՛ենթարկուին:

Խորհրդաժողովը վարող Պատասխանատուութեան եւ պաշտպանութեան համաշխարհային կեդրոնի տնօրէն Սայմըն Ատամս անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան օրինակին` յիշեցնելով, որ չորս ամիս ետք պիտի ամբողջանայ 105-ամեակը, երբ «24 ապրիլ 1915–ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ սկսան հայերու թիրախաւորուած սպանութիւնները»:

«Այս գործողութիւններուն պատճառով ոչնչացուեցաւ աւելի քան մէկուկէս միլիոն կեանք: Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան 1915-ի մայիսին մեղադրեցին Օսմանեան կայսրութիւնը մարդկութեան դէմ յանցանք գործելու յանցանքով` ատիկա առաջին անգամ էր, որ այդ եզրը օգտագործուեցաւ` իբրեւ դաժանութիւններու ծաւալը բնութագրելու փորձ», նշած է ան: Գիտնականներու, հոգեբաններու համաձայն, ցեղասպանութեան ժխտումը ո՛չ միայն անարգանք է ցեղասպանութեան զոհերու նկատմամբ, այլ ճամբայ կը հարթէ յաջորդ ցեղասպանութեան համար:

«Երբ աշակերտներս կը կարդան Ռոն Սիւնիի ստեղծագործութիւնները, անոնք իրօք սարսափած կը մնան, ցնցուած, զարմացած մակարդակովը այն բռնութիւններուն, որոնց մէջէն անցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայ համայնքը, եւ բացատրութիւն կը պահանջեն», նշած է Նիւ Եորքի քոլեճի պատմութեան դասախօս Էրիք Ուայց:

ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ առաքելութեան աշխատակիցը, որ խորհրդաժողովին ներկայ էր, այս ամէնը լսելով ձայնի իրաւունք խնդրեց` յայտարարելով, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջին տարիները Օսմանեան կայսրութեան համար բարդ շրջան էին, այդ ժամանակաշրջանին տառապած են կայսրութեան բոլոր քաղաքացիները:

Ի պատասխան անոր խօսքին` ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող գիտնականներու միջազգային ընկերակցութեան ղեկավար Հենրի Թերիել ընդգծած է, որ այսօր, հաշուի առնելով բոլոր հետազօտութիւնները, Հայոց ցեղասպանութեան հերքման նոյնիսկ քննարկումը անիմաստ է:

«Վերջին 50 տարուան ընթացքին ես չէի լսած Հայոց ցեղասպանութեան այսպիսի ուղղակի հերքում: Շնորհակալութիւն զայն պատկերաւոր կերպով ցուցադրելու համար: Սակայն խորհուրդ պիտի տայի թարմացնել ձեր գրականութիւնը, որովհետեւ շուրջ 30 տարիով հինցած է: Ձեր կողմէ բերուած  փաստարկները բազմիցս եւ շատոնց հերքուած են, այնպէս որ կոչ կ՛ուղղէի քիչ մը աշխատանք տանելու, որպէսզի ձեր ըսածը բովանդակութիւն ունենայ: Նաեւ ըսեմ` Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մարդիկ, կիրթ մտաւորականներ լիարժէքօրէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն ի հակառակ ձեր յայտարարութեան, անոնցմէ շատերը անազատութեան մէջ են հիմա կամ նախապէս եղած են անազատութեան մէջ` նոյնինքն ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար», աւելցուցած է Հենրի Թերիել:

 

Նախորդը

Հայաստանը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Դէմ Քուէարկած Է Հակառուսական Բանաձեւին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Ձեզմէ Իւրաքանչիւրը Ե՛ւ Օրէնքի, Ե՛ւ Պետութեան, Ե՛ւ Պետականութեան Դէմքն Է»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.