Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՂԱՐԱԲԱՂԸ «ԵՈՒՐԷՅԺԱՆԵԹ»-Ի ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ

December 31, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եուրէյժանեթ.օրկ» կայքէջը հրապարակած է տարբեր փորձագէտներու նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներու` պատերազմի վերածուելու հաւանականութեան մասին նախատեսութիւնները:

«Քասփիըն Ինթելիճընս» կայքէջի փորձագէտ Ալեքս Ճեքսընի կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի գօտիին մէջ լարուածութիւնը պիտի պահպանուի, սակայն ատոր աճելու հաւանականութիւնը քիչ է: «Ղարաբաղի մէջ հակամարտող կողմերու շփման գիծին վրայ նոյն մռայլ պատկերը պիտի մնայ` փոխադարձ հրացանաձգութիւն եւ զոհեր արձակազէններու կրակոցներէն: Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ազրպէյճանը շփման գիծին վրայ առանց օդաչուի թռչող սարքեր կ՛օգտագործեն, այդ առումով կարելի է սպասել, որ տագնապը «օդային» փոփոխութիւններ կրէ: Յառաջիկայ տարուան ընթացքին զէնքի «թափահարում»,  ռազմափորձեր ու զինուորական պիւտճէներու աճ տեղի պիտի ունենան, սակայն լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ակնկալել չ՛արժեր», կը գրէ Ճեքսըն:

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթի վերլուծաբան Սերկէյ Քոնովալովի կարծիքով, սակայն, կովկասեան շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններու պատրաստութիւնը արդէն սկսած է: Հարցը այն է, որ Ռուսիա կը փորձէ ամրապնդել Հայաստանի մէջ իր դիրքերը` պատրաստուելով Իրանի դէմ Արեւմուտքի հաւանական զինուորական գործողութիւններուն: Հայաստանի մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայանի մատակարարումը կ՛իրականացուի օդային ճանապարհով կամ Հայաստանի հետ համաձայնագիրներու շնորհիւ, սակայն որովհետեւ Հայաստան ինք Իրանէն կը մատակարարուի (վառելանիւթ), ապա Թեհրանի դէմ պատերազմի պարագային Ռուսիա պիտի զրկուի այդ մատակարարումէն, յատկապէս որովհետեւ այս տարուան ապրիլին դադրեցուց Ռուսիայէն Հայաստան զինուորական նշանակութեան բեռներու տարանցման համաձայնութիւնը: Այսպիսի պայմաններու մէջ Ռուսիա ստիպուած պիտի ըլլայ վրացական մատակարարումներու ուղին վերականգնելու:

Այլ փորձագէտ մը` Միխայիլ Պարապանով կը նշէ, որ մեծցած է Ռուսիոյ` հաւանական տագնապին մասնակցելու հաւանականութիւնը: Խօսքը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ որեւէ երկրի զինուորական գործողութիւններուն մէջ յայտնուելու մասին է:

Այսպիսով «Եուրէյժանեթ» կայքէջի ամէնէն հաւանական պատերազմներու ցանկին առաջին տեղը կը գրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:

 

 

 

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ

Յաջորդը

«ԵԹԷ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՍ ՉՀԱՍՏԱՏԷ, ՄԻՆՉԵՒ 3 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՊԻՏԻ ԼՔԵՄ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԶԱ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.