Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ «ԸՄԲՈՍՏԱՆԱԼՈՒ»

December 31, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած քրտական ցոյցը

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) իրաքեան սահմանին վրայ թրքական օդուժին մէկ յարձակումին պատճառով 35 քիւրտ քաղաքայիններու սպանութենէն ետք Թուրքիոյ քիւրտ ժողովուրդին կոչ ուղղած է «ըմբոստանալու»:

ՔԱԿ-ի զինեալ թեւի անդամներէն Պահուզ Էրտալ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնած է, որ «քիւրտ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար Կորճայքի եւ Շըրնաքի մէջ գտնուող քիւրտերուն կոչ կ՛ուղղենք այս սպանդին դէմ հակազդեցութիւն ցոյց տալու եւ իրենց ըմբոստութեան ճամբով զայն գործադրողներուն հաշուետուութեան ենթարկուիլը պահանջելու»: Նշենք, որ Կորճայք եւ Շըրնաք շրջանները Իրաքի սահմանամերձ շրջաններ են:

Մինչ այդ, «Ժազիրա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քիւրտերը փողոց դուրս եկած են` գործադրուող բռնութիւններուն դէմ իրենց բողոքը արտայայտելու համար: Բողոքի առիթը թրքական օդուժին կողմէ օդային վերջին հարուածներն են, որոնց պատճառով սպաննուած էին 35 քիւրտ խաղաղ բնակիչներ, որոնք օդաչուներուն կողմէ զինեալներ նկատուած էին:

Ոստիկաններու հետ բախումի վերածուած ցոյցին հիմնական վայրը դարձած է Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակը: Ցոյցին մասնակցած են աւելի քան հազար քիւրտեր, որոնք «Էրտողան, մարդասպան» բացագանչած են: Ցոյցերու սկիզբէն քիչ ետք բախումները սկսած են շիշերու եւ քարերու արձակումով, որուն իբրեւ հակազդեցութիւն թրքական ոստիկանութիւնը օգտագործած է արցունքաբեր կազ, մահակներ եւ ջրաշիթեր:

Քրտական սփիւռքի ներկայացուցիչները տեղական մամուլին տուած հարցազրոյցներու մէջ արարքը «կառավարութեան կողմէ քրտական շարժումի անմարդկային եւ հետեւողական ոչնչացում» որակած են:

Նշենք, որ 35 զոհ պատճառած յարձակումէն ետք սկիզբը յայտարարուեցաւ, որ թրքական բանակը դէպի Թուրքիա ահաբեկչական թափանցում մը ձախողութեան մատնած է եւ սպաննուածները քիւրտ զինեալներ են, սակայն երբ աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ այդ մարդիկը ծխախոտի մաքսանենգներ են, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Հիւսէյն Չելիք պատկերասփիւռէն խոստովանեցաւ, որ օդային հարուածները հասցուած են խաղաղ բնակչութեան` տեղի ունեցածը «տխուր միջադէպ» եւ զինուորականներու սխալ որոշումի արդիւնք նկատելով:

Նախորդը

«ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՅԱՅՏ ԳԱԼՈՎ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՀԱԼՊԱՈՒԻ

Յաջորդը

ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՉԷ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.