Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՅԱՅՏ ԳԱԼՈՎ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՀԱԼՊԱՈՒԻ

December 31, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմուտքի մէջ Իսլամ եղբայրներու նախկին բանբեր Քամալ Հալպաուի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները այս պատկերը ստացան շնորհիւ ընտրական շրջաններուն մէջ Իսլամ եղբայրներուն եւ սալաֆականներուն հանրութեան տրամադրած ընկերային ծառայութեանց: Ան ըսաւ, որ իսլամական ծայրայեղական, չափաւորական եւ կեդրոնի ուժերը այս միջոցին կը դիմեն եւ կը գերազանցեն ազատական հոսանքները:

Հալպաուի բացառեց յառաջիկայ հանգրուանին սալաֆականներուն եւ Իսլամ եղբայրներուն միջեւ համակարգումը, որովհետեւ անոնք կրօնական հարցերու մեկնաբանման մէջ տարակարծիք են: Ան ըսաւ, որ այդ համակարգումը շատ սահմանափակ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոնք կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ առողջապահութեան հարցերով համաձայն են, սակայն ղպտիներու հարցին շուրջ կրնան տարակարծիք ըլլալ:

Հալպաուի նշեց, որ Իսլամ եղբայրներուն միջազգային կազմակերպութիւնը ի յայտ պիտի գայ եւ իրականութեան վերածուի, աշխարհի երկիրներու մակարդակին վրայ իսլամներու փոխադարձ ծանօթացում պիտի ըլլայ, ինչ որ իսլամները միացնելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ:

Ան ընդգծեց, որ Եգիպտոսի մէջ փոխանցման հանգրուանի յաղթահարումը կախեալ պիտի ըլլայ խորհրդարանին մէջ մէկ կողմէ Իսլամ եղբայրներու եւ սալաֆականներու, միւս կողմէ` զինեալ ուժերուն հետ անոնց համագործակցութենէն` աւելցնելով, որ Իսլամ եղբայրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրը կը վերաբերի փոքրամասնութիւնները բարգաւաճման ծրագիրներուն մասնակից դարձնելուն, զանոնք չլուսանցքայնացնելուն կամ հեռու չպահելուն մէջ է:

 

Նախորդը

ԸՍՏ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ 84 «ԷՖ-15» ԿՈՐԾԱՆԻՉՆԵՐ ԳՆԵԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Է

Յաջորդը

ՔԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ «ԸՄԲՈՍՏԱՆԱԼՈՒ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.