Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները` Անկախ Արցախի Հիմքը

September 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի անկախութեան հռչակման տօնակատարութենէն ճիշդ շաբաթ մը ետք, սեպտեմբեր 9-ին պիտի կատարուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները:

Սոսկ պարզ թուականներու զուգադիպութիւն մը չէ, որ կը պատահի, այլ արիւն հոսեցնելով ու նահատակներ տալով կերտուած անկախութեան մը արդիւնքներէն մէկն է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կառոյցը, որ բնականաբար պետութեան մը կառավարման համակարգին կարեւորագոյն եւ հիմնական սիւնն է:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ունեցած են եւ դեռ ալ պիտի ունենան իրենց քաղաքական արժէքը: Պետութեան կեդրոնացեալ գործելաձեւը համեմատաբար լուսանցքային եւ երկրորդական դեր վստահած է ինքնին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն: Կացութիւն մը եւ կրկնուող երեւոյթ մը, որ ժխտական պատկեր մը կը ստեղծէ եւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ: Այս ընտրութիւնները պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ վերահաստատեն այս մարմիններու գործօն դերակատարութիւնը` ի խնդիր աւելի ամուր ու հաստատ ժողովրդավարական եւ ապակեդրոն մօտեցումով ղեկավարուող պետութեան մը կառուցման:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ճամբով գործելը շատ աւելի պարարտ ու արգասաբեր արդիւնքներու կրնայ յանգիլ: Կարճ ժամանակաշրջանի մէջ քաղաքական, տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս անկիւնադարձային եւ յիշատակելի բարեփոխումներ կրնան իրագործուիլ:

Անգամ մը եւս տեղին է մատը վէրքին վրայ դնել ու մատնանշել, որ ցաւօք, տարիներէ ի վեր, յետ 28-ամեայ անկախութիւն ունեցող Արցախի կառավարման համակարգը չափազանց կեդրոնացեալ ձեւով կը գործէ` չէզոքացնելով եւ մեկուսացնելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութիւնը: Երեւոյթ մը, որուն դէմ շարունակ պայքարած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը` միշտ ալ գերադասելով ապակեդրոն գործելաձեւը կեդրոնացեալէն եւ ինքնաբերաբար առաջնահերթ  նկատելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը:

Տեղական ինքնակառավարման մարմինները հիմնական դարմանն են առողջ ու թափանցիկ գործելաձեւին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ յատկապէս անոր Արցախի կառոյցը, որ խիտ շարքերով պիտի մասնակցի այս ընտրութիւններուն, կը հաւատայ «Զարգանալ` չզիջելով» հայեցակարգի այժմէականութեան եւ արտակարգ անհրաժեշտութեան: Այս 28-ամեայ հանրապետութիւնը միշտ ալ  եղած է առանցքային եւ առաջնահերթ` ամրապնդելով Հայաստան-Արցախ  ռազմավարական դաշինքը, վերականգնելով տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ապահովելով  ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու պահպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութիւնը:

Հուսկ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու թափանցիկ ու օրինակելի գործընթացն ու արդիւնքները պիտի սատարեն նմանօրինակ մթնոլորտով 2020-ի նախատեսուող նախագահի  ընտրութեան:

Նախորդը

Խորհրդակցութիւն` Կարիքաւոր Հիւանդներու Օրկաններ Տալու Հարցին Շուրջ

Յաջորդը

Ազատ Ու Անկախ Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը (Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 28-ամեակ)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.