Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի Տօնակատարութիւններուն Վերաբերեալ Նախապատրաստական Երկու Ժողովներ` Նախագահական Պալատին Մէջ

September 7, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու պատրաստութեան Գերագոյն յանձնախումբի ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ տօնակատարութիւնները կատարելու կարելիութիւնները: Նախագահ Աուն շեշտեց կարեւորութիւնը այս յանձնախումբին, որ պիտի վերահսկէ բոլոր տօնակատարութիւններուն` մաղթելով, որ անոր անդամները արագացնեն պարտականութիւններու իրագործումները, յատկապէս որ տօնակատարութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ տարուան 1 յունուարին եւ աւարտին 31 դեկտեմբերին:

Այս հանդիպումէն ետք, յանձնախումբը գումարեց նիստ մը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի: Յանձնախումբը հաստատեց իր աշխատանքային ծրագիրը եւ հիմնական գործունէութիւնը, որ պիտի կատարէ 100-ամեակի տարուան ընթացքին:

Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի պատրաստութեան ծիրին մէջ գումարուեցան երկու ժողովներ` նախագահական պալատին մէջ: Առաջինը` Գերագոյն խորհրդատուական մարմինի ժողովը, որ բաղկացած է մասնագէտներէ, որոնք ընտրուած են անկախ իրենց համայնքային, յարանուանական, կամ քաղաքական ուղղութիւններէն, այլ` 100-ամեակի աշխատանքներուն իրենց բերելիք յաւելեալ արժէքին համար: Իսկ երկրորդը Գերագոյն յանձնախումբին ժողովն էր, որուն ընթացքին տրուեցան կարեւոր որոշումներ` սկսելու համար գործադրութեան փուլին:

Ժրայսաթի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահին այս առիթով ուղղած պատգամէն ետք, որ որակական ելոյթ էր բոլոր չափանիշներով, հասկացողութիւններով եւ բովանդակութեամբ, անհրաժեշտ դարձաւ անմիջապէս անցնիլ իրագործման: Ժրայսաթի աւելցուց, որ տրուեցան անհրաժեշտ որոշումներ գործունէութեան, տօնակատարութիւններու ֆինանսաւորման եւ պարտականութիւններու բաշխման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ տրուեցաւ որոշում` կատարելու հարցախոյզ մը քաղաքացիներուն հետ, որպէսզի իրենց կարծիքը յայտնեն 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն վերաբերեալ: Ժրայսաթի յայտնեց, որ նաեւ տրուեցաւ որոշում` դիմելու ընկերութեան մը, որպէսզի տնօրինէ 100-ամեակի տօնակատարութիւնները եւ գործունէութիւնը: Այս բոլորը բնականաբար կ՛իրականացուին նախագահական պալատի շրջանակներուն հետ ամբողջական համագործակցութեամբ` ընդհանուր տնօրէնին եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատուին հետ:

«Այսօր կրնամ յայտարարել, որ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու հոլովոյթին փուլը բացուած է, եւ պատրաստութիւնները, կարողութիւնները եւ փափաքները համահաւասար են իրականացնելու համար այս 100-ամեակը, եւ մենք պէտք է միասնաբար պատրաստուինք այս փառաւոր անցեալին, Մեծն Լիբանանի անցեալին եւ այն բոլորին, ինչ որ կը ներկայացնէ Մեծն Լիբանանը», եզրափակեց Ժըրայսաթի:

 

 

Նախորդը

Քուպիչը Ընդունելու Ընթացքին. «Իսրայէլ Միակ Կողմն Է, Որ Պէտք Է Պատասխանատուութեան Ենթարկուի 1701 Բանաձեւի Առօրեայ Խախտումներուն Համար»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.