Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Նախագահական Պալատին Մէջ Հանդիպումը Տնտեսական Թղթածրարներուն Մօտեցաւ Առարկայական Ձեւով, Բայց Կը Մնայ Ներկայացուած Առաջադրանքները Իրագործել»

September 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի մէջ իր այցելուներուն առջեւ յայտարարեց, որ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական  ժողովը տնտեսական եւ նիւթական թղթածրարներուն մօտեցաւ առարկայական ձեւով եւ յանգեցաւ շարք մը առաջարկներու, սակայն կը մնայ զանոնք իրագործել, քանի որ ժողովուրդը ձանձրացած է խօսքերէն, որոնք գործերու չեն վերածուիր, յատկապէս որ բոլոր միտքերը կը կրկնուին բոլոր կառավարական ծրագիրներուն մէջ:

Միքաթի նշեց, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ժողովներ կը գումարուին, սակայն այս անգամ հիմնական կէտը արտակարգ միջոցներու շտապ անհրաժեշտութիւնն է, յատկապէս լսելէ ետք նիւթական հարցերու մասնագէտներուն ներկայացուցած պատկերը եւ միջազգային իրաւասու մարմիններու նախազգուշացումները, որոնցմէ վերջինն էր «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները հետապնդող ֆրանսացի պատուիրակ, դեսպան Փիեռ Տիւքանի խօսքը, որ կը շեշտէ կարեւորութիւնը արագացնելու անհրաժեշտ բարեփոխումները` դադրեցնելու համար նիւթական արիւնահոսութիւնը:

Միքաթի նշեց, որ ինք ժողովի ընթացքին ներկայացուցած է առաջարկներ, որոնք իրենց տարբեր կողմերով նման են այլոց ներկայացուցած առաջարկներուն եւ բարեփոխումներուն, եւ այդ առաջարկներուն նախագիծը ներկայացուցած հանրապետութեան նախագահին, անոր առաջարկելով ստեղծել 3 յանձնախումբեր: Առաջինը` իրաւական, որպէսզի առաջարկէ այն ինչ որ անհրաժեշտ է դատական համակարգին անկախութիւնը ապահովելու համար, երկրորդը` նիւթական-տնտեսական, որպէսզի առաջարկէ տնտեսական բարեփոխումներու ծրագիրը իրականացնելու լաւագոյն միջոցները` տրուած ըլլալով, որ այս ծրագիրը հիմնուած է Մըքքենզի ծրագիրի առաջարկներուն հիման վրայ` ստեղծելու ժամանակակից եւ կայուն տնտեսութիւն, որ կը հիմնուի արտադրական մարզերուն վրայ: Երրորդը` վարչական յանձնախումբ, որ պիտի ուսումնասիրէ վարչամեքենան, պիտի վերակազմաւորէ հանրային մարզը ամբողջութեամբ եւ պիտի բարձրացնէ արտադրողականութիւնը: Միքաթի աւելցուց, որ երեք յանձնախումբերը ունին մէկ ամսուան ժամկէտ իրենց առաջարկները ներկայացնելու համար:

Միքաթի նաեւ յայտնեց, որ կառավարման մարմիններու օրէնքները պէտք է իրագործուին վեց ամսուան ընթացքին եւ պէտք է նոր տնօրէններու խորհուրդ նշանակուի Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան համար, որպէսզի կառոյցը ներգրաւուի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման համար առաջարկուող ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: Ան աւելցուց, որ պէտք է արագացնել ձեւաւորումը կարգաւորող մարմիններու` թափանցիկօրէն վերահսկելու տնտեսութիւնը խթանող ներդրումային մարզերու սեփականաշնորհման հոլովոյթին:

Ան եզրափակեց ըսելով, որ լուծումները պէտք է իւրայատուկ ըլլան, եւ փրկարարական ծրագիրը պէտք է արագ իրականացուի` փապուղիէն դուրս գալու համար:

 

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Դիմադրութեան Գործողութիւնը Ցոյց Տուաւ, Որ Որեւէ Յարձակում Անպատասխան Պիտի Չմնայ»

Յաջորդը

Հռոմի Մէջ. Դոկտ. Մարալ Կիտանեան. «Մակերեսային Վիճակագրութիւնները Այլեւս Չեն Համապատասխաներ Իրականութեան Հետ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.