Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

December 31, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

1962-Ի ՍԵՄԻՆ

Տարին հասաւ իր վախճանին:

Քանի մը ժամ եւս` ու հինցած քուրձի մը պէս մեր վրայէն պիտի նետենք 1961-ը, որ խաղաղ ու անդորր օր մը չպարգեւեց մարդկութեան այլ, ընդհակառակն, իր տագնապներով եւ վէճերով հրաբուխի վրայ պահեց աշխարհը միջկորիզային բախումի մը ահաւոր սարսափով:

Հորիզոնը կը շարունակէ մթագնած մնալ, գրեթէ ամէն կողմ: 1961-ը չլուծեց իր ստեղծած հարցերէն որեւէ մէկը եւ հիմա կ՛ապաւինինք 1962-ի դարմանին: Բայց յուսատու ոչ մէկ նշան` միջազգային երկնակամարին վրայ, բացի հիւլէական պատերազմին պատճառած «սարսափի յոյսէն»: Ճակատագրի հեգնա՜նք: Մարդկութիւնը իր փրկութիւնը կը գտնէ իր կեանքին սպառնացող մեծագոյն վտանգին ահաւորութեան մէջ: Վտանգ մը սակայն, որ իր տուած ապահովութեամբ, ենթակայ կրնայ ըլլալ աննախատեսելի դիպուածներու քմայքին:

Հայ ժողովուրդը եւս անմասն չի մնար մարդկային այս ընդհանուր տուայտանքէն, իւրայատուկ ցաւերով:

1961-ը հայութեան համար եղաւ մեծ յուսախաբութեան տարի մը, նման` 1946-ին: 15 տարուան տարբերութեամբ, հայ ժողովուրդը իր ազգային բաղձանքներուն մէջ անիրաւուեցաւ, երբ այնքան յոյսեր տածած էր Հայաստանի ներքին սահմաններու սրբագրութեան սպասումով:

Կը կարծուէր, թէ 1961-ին զուգադիպող Հայաստանի խորհրդայնացման քառասնամեակը լաւագոյն առիթը պիտի ըլլար մեր հայրենիքին վրայ տիրող համայնավար իշխանութեան` դարմանելու քառասնամեայ անարդարութիւն մը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը խոցոտէ մեր սրտերը:

Քառասնամեակը եկաւ ու անցաւ, ու անարդարութիւնը մնաց ամբողջական: Թիզ մը հող իսկ չկրցանք առնել այն հողերէն, որոնք աշխարհագրականօրէն եւ պատմականօրէն անանջատելի մասը կը կազմեն Հայաստանին: Եւ այս` հակառակ այն իրողութեան որ, իբր թէ, համայնավար նախկին ղեկավարներու` Ստալինի եւ Բերիայի ոճիրները մերկապարանոց կը դատապարտուին` արդարութեան անհուն ծարաւով մը:

Ըսած էինք ու կը կրկնենք. սգակից ենք Հայաստանի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան, երբ ան կ՛ողբայ իր մտաւորական ընտրանիին անդարձ մեկնումը: Բայց իբրեւ քաղաքական կազմակերպութիւն` իրապաշտ ոգիով կը մօտենանք հարցին եւ կը պահանջենք, որ առ նուազն հատուցուին այն ոճիրները, որոնք կրնան դարմանուիլ:

Առաջին հերթին պէտք է դարմանել գլխաւոր, մեծագոյն ոճիրը: Այն, որ իր հազարաւոր մտաւորականներու մահը սգացող ժողովուրդ մը հեռու կը պահէ իր պապենական հողերէն:

1961-ը չտուաւ այդ արդարութիւնը, թէեւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներ, որոնք քաղաքակրթութեան շատ աւելի ստորին խաւերուն վրայ կը գտնուին, տիրացան իրենց անկախութեան եւ այսօր մաս կը կազմեն ազգերու մեծ ընտանիքին:

1962-ը պիտի տա՞յ:

Ահա գլխաւոր հարցականը, որ կը դրուի հայ ժողովուրդին առջեւ, շրջանի մը մէջ, երբ տարիները կորսնցուցած են իրենց արժէքը` դառնալու համար ժամեր, երբ աշխարհ կը գտնուի արագընթաց թափին մէջ ազգային ազատագրութեան շարժումներուն, որոնք ամէն կողմ կը բռնկին` յանգելու համար իրենց անխուսափելի վախճանին` անկախութեան եւ ազատութեան:

1962-ի սեմին հայ ժողովուրդը աւելի քան երբեք վստահ իր դատի արդարութեան, հակառակ բոլոր յուսախաբութիւններուն, հաստատ կը մնայ իր անդրդուելի պահանջներուն մէջ, որոնց շուրջ ազգային միասնականութիւն գոյացած է Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ եւ Նիւ Եորք:

Խռովայոյզ աշխարհի մը մէջ, ուր ուժի եւ արժէքներու ըմբռնումները հրթիռային արագութեամբ կը փոխուին օրէ օր, հայութիւնը` մարդկային կարաւանին յաւիտենական ճամբորդը, կը հաւատայ արդարութեան վերջնական յաղթանակին եւ այդ հաստատ հաւատքով կ՛ողջունէ Նոր տարին:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (31 դեկտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ԻՍԿ ԴՈ՞ՒՆ ԻՆՉ ՈՒԶԵՑԻՐ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԷՆ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.