Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՀՅԴ – ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ. «ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԳՆԴԱԿԸ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

December 29, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնելու իրենց առաջարկը փորձաքար է, իշխանութիւններուն կողմէ ատիկա ընդունիլը միայն կրնայ ցոյց տալ, թէ որքանո՛վ իշխանութիւնները կը ցանկան ընտրութիւնները արդար կատարել: Ըստ անոր, ատիկա կրնայ մեծցնել ընտրութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը:

Ռուստամեան նշեց, որ մեծամասնական ընտրակարգի պարագային արդէն իսկ մեկնարկային առաւելութիւնը իշխանութեանն է, երբ 99 առ հարիւրի պարագային պատգամաւոր կը դառնայ իշխանութեան ներկայացուցիչը: «Ընդդիմութիւնը Ազգային ժողովէն դուրս մղելու լաւագոյն միջոցը մեծամասնական ընտրակարգն է: Անիկա իշխանութեան վերարտադրման  լաւագոյն տարբերակն է», ըսաւ Ռուստամեան եւ նկատել տուաւ, որ խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան պատգամաւորներու քանակը 27 չէ, եւ անոնք նոյնիսկ Սահմանադրական դատարան չեն կրնար դիմել:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը համամասնական ընտրակարգին անցնիլը բնութագրեց իբրեւ գերակայ խնդիր, որ կրնայ համախոհութեան դաշտ յառաջացնել քաղաքական ուժերուն եւ հասարակութեան մէջ: Ըստ Ռուստամեանի, առաջարկը ընդունելու պարագային իշխանութիւնները պիտի ապացուցեն, որ իսկապէս կը ցանկան արդար ընտրութիւններ կատարել, եւ անոնց մասին կատարուած յայտարարութիւնները անկեղծ են:

Ռուստամեան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ համախոհութիւն քաղաքական դաշտին մէջ արդէն իսկ կայ` մատնանշելով, որ իրենց յայտարարութիւնը ողջունած են Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Ազատ դեմոկրատները: «Նախաձեռնութիւնը լայն տարողութեամբ պաշտպանուելու պարագային իշխանութիւնները պիտի յայտնուին մեկուսացման մէջ, իշխանութեան եւ հասարակութեան մէջ, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան կողմ ուժերուն մէջ ջրբաժան պիտի յառաջանայ», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան եւ նկատել տուաւ, որ այժմ գնդակը իշխանութեան դաշտին մէջ կը գտնուի, իշխանութեան կողմէ առաջարկին արձագանգելու ժամանակն է:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, ընտրութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելու լաւագոյն առիթը 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնիլն է:

Ռուստամեան սխալ նկատեց իշխանութեան պատճառաբանութիւնը, որ վերջին պահուն ոչինչ կրնան փոխել, եւ համամասնական ընտրակարգին անցնիլը պիտի չքաջալերուի Վենետիկեան յանձնախումբին կողմէ: Ան նշեց, որ յառաջացած համաձայնութիւնը աւելի մեծ արժէք ունի եւ վստահեցուց, որ այսպիսի քայլ կ՛ողջունեն նոյնիսկ եւրոպական կառոյցները:

«Մենք ծրար, բազմաթիւ փոփոխութիւններ չենք առաջարկեր, յստակ բան մը կ՛ուզենք, որ աւելի պիտի նպաստէ ընտրական հոլովոյթները պարզեցնելու եւ դիւրացնելու», նշեց դաշնակցական պատգամաւորը եւ վստահեցուց, որ հոլովոյթը պիտի շարունակուի:

Անդրադառնալով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեանի այն յայտարարութեան, թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պատրաստ է հարցը ամենայն լրջութեամբ եւ խորութեամբ քննարկելու, Ռուստամեան նշեց, որ այդ մօտեցումը էականօրէն կը տարբերի Հանրապետական կուսակցութեան կարծր մօտեցումէն:

«Եթէ իրենք այս տեսակէտը պիտի պաշտպանեն եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն լրջօրէն քննարկելու խնդիրը, շատ աւելի կարեւոր է, քանի որ մեզի համար անհրաժեշտ է լայն աջակցութիւն նախ եւ առաջ Ազգային ժողովին մէջ», նշեց դաշնակցական գործիչը:

Արմէն Ռուստամեան նաեւ յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի համար Ժառանգութիւն կուսակցութեան հետ միացեալ յայտարարութիւն պատահական ընտրութիւն չէ եղած: Ըստ անոր, Ժառանգութիւն կուսակցութեան հետ երկար ճամբայ անցած են, իրար լաւ կը հասկնան եւ գիտեն, թէ ո՛ր հարցը ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կարելի է բարձրացնել: Բայց ամէնէն կարեւոր պատճառը այն է, որ հարցը պէտք է լուծուի խորհրդարանին մէջ, իսկ Ժառանգութիւնը խորհրդարանական ընդդիմութիւն է:

Ըստ Ռուստամեանի, իշխանութիւնը հակակշռելու համար խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւնը պէտք է  27 պատգամաւորէ աւելի ունենայ:

Նախորդը

ՊՈՒԱՅԷ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ԻՐ ՔԱՅԼԻՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԿԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՓԱՄՓՈՒՇՏԷ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.