Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութեան Նկատմամբ Մեր Տեսակէտը Գերիշխանական Է Եւ Կը Համընկնի Ազգային Միացեալ Կեցուածքին» Շեշտեց Աուն

September 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութեան նկատմամբ համախմբումին տեսակէտը գերիշխանական է եւ կը համընկնի ազգային միացեալ կեցուածքին:

Ժրայսաթի հաստատեց, որ Իսրայէլի դէմ եղած հակադարձութիւնը կարելի չէ ապահովական մագլցում նկատել: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ընտրական հարցերը մեզ բնաւ չեն հետաքրքրեր: Մեզի համար կարեւոր է այն իրականութիւնը, որ գործողութիւնը կատարուեցաւ ու վերջացաւ, եւ պատերազմ չբռնկեցաւ», ըսաւ ան:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ արձանագրուած կարեւորագոյն նուաճումը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումն է` առանց անոնց պարտականութիւններուն եւ իրաւասութիւններուն փոփոխութեան:

Ան դիտել տուաւ, որ օրերն ու իրադարձութիւնները փաստած են, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը օր մը օրանց չէ կասեցուցած Իսրայէլը, նոյնիսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութեան: «Հետեւաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան (ինչպէս որ է)  երկարաձգումը միակ լուծումն էր», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով երկրին տնտեսական իրավիճակին` Ժրայսաթի ըսաւ, որ ներկայ կացութիւնը կարիքը ունի ելեկտրական ցնցումի մը` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցած տնտեսական բարգաւաճումի ծրագիրը կը ներառէ 49 առաջարկներ, որոնք գիտական են, գործնական եւ լուրջ:

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ քաղաքականութեան մէջ իրարու հակադրուած կողմերը իրարու մօտ բերելը ողջունելի եւ երախտիքի արժանի քայլ մըն է: Երկրին փրկութիւնը կարելի է, եթէ փրկարար լուծումներու մասին մեր մօտեցումներուն մէջ գիտակից ըլլանք, իսկ մենք այդ ուղիէն բնաւ չենք շեղիր», ընդգծեց Ժրայսաթի:

ՆՇԵՆՔ, որ Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին վերընտրուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Իսկ Հզօր համախմբում պլոքի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահի պաշտօնը յանձնեց Մայ Խորէյշի:

 

Նախորդը

Նախագահ Աունի Դէմ Թրքական Հակազդեցութիւններու Վերաբերող Անդրադարձը Պիտի Շարունակուի

Յաջորդը

«Տնտեսական Մարզի Բարգաւաճման Նպատակով Վաւերացուած Առաջարկները Պէտք Է Գործադրուին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.