Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Դիւանագէտները Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Նախագահին Հետ

September 3, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախ այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու ամենամեայ համաժողովին մասնակիցները երէկ ընդունուած են Արցախի նախագահ Բակօ  Սահակեանի կողմէ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան բարձր գնահատած է նման ձեւաչափով հանդիպումի կազմակերպումը` նշելով, որ անիկա լաւ առիթ է անմիջական քննարկում ունենալու համահայկական հարցերու շուրջ եւ ուղղակի ծանօթանալու Արցախի առաջնահերթութիւններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցումով` նախագահ Բակօ Սահակեան համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Արցախի մէջ իրականացած ընկերային-տնտեսական ծրագիրները եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, Արցախի անվտանգութեան համակարգը եւ զայն ամրապնդելուն ուղղուած քայլերը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնմանն ու խորացման ուղղուած հարցերուն:

Արցախի նախագահը եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, այդ կարգին` միջազգային գործընթացներու մէջ Արցախի ժողովուրդի լիարժէք ներգրաւման շուրջ:

 

Նախորդը

Դիմադրութիւնը Պատասխանեց Իսրայէլեան Բռնարարքներուն` Աւիվիմի Մէջ Ջախջախելով Իսրայէլեան Զրահապատ Մը

Յաջորդը

Արցախի Անկախութեան Օրուան Առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.