Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

August 31, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի` իր գնահատանքը արտայայտելով Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ` երկրին պատմութեան դասագիրքին մէջ Օսմանեան կայսրութեան վերաբերեալ կատարուած փոփոխութեան համար որ լոյս կը սփռէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ անոր գործած ոճիրներուն վրայ եւ իրաւամբ զայն կը նկատէ «բռնագրաւող եւ ոճրագործ»:

Օսմանեան կայսրութեան վերականգնման երազը հետապնդող թրքական իշխանութիւնները այսօր կը շարունակեն օսմանեան իշխանութիւններու` արաբական երկիրներուն դէմ կիրարկած թշնամական քաղաքականութիւնը, սակայն այդ քաղաքականութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պիտի մատնուի պարտութեան` շնորհիւ արաբական երկիրներու զգօնութեան, որուն մեծապէս կը նպաստեն պատմական հաւաստի աղբիւրներու վրայ հիմնուած պատմութեան դասերը:

«Պարո՛ն դեսպան, դուք արդէն ծանօթ էք, թէ հայ ժողովուրդին դէմ եւս կիրարկուեցաւ այդ նոյն քաղաքականութիւնը, որուն գագաթնակէտն էր 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը` մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրը:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը գնահատէ Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կատարած օգտաշատ քայլը եւ զայն կը նկատէ 9 ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան ձեր պատմական այցելութեան ընթացքին ձեր արտայայտած կեցուածքներուն համահունչ», նշեց Հայ դատի մարմինը:

 

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Խորհրդակցութիւններ Կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Հետ

Յաջորդը

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.