Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին, Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ տնտեսական երկխօսութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի փորձէ յստակացնել Լիբանանը տնտեսական տագնապէն փրկելու յատուկ ծրագիր մը` առաջադրելով տնտեսական իրավիճակի փրկութեան իր պատկերացումը:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ տնտեսական երկխօսութեան նիստին ընթացքին պիտի ներկայացնէ նոր միտքեր, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ տնտեսական բարդ տագնապը լուծման ճշգրիտ ուղիին մէջ զետեղել:
Պըրրի ընդգծեց, թէ պահանջուածը այն է, որ վերջնական արդիւնքներու կարելի ըլլայ յանգիլ` անցնելով տնտեսական փրկութեան ծրագիրներու գործադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը ապահով պահել:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Իրաքի առողջապահութեան նախարար Ալա Օլուանը, որուն ընկերակցեցաւ իրաքեան բժշկական պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Օլուանին յայտնեց Լիբանանի պատրաստակամութիւնը` առողջապահութեան մարզի Լիբանան-Իրաք փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:
Նշենք, որ Ժապաք – Օլուան հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան անցեալ յուլիսին երկու երկիրներուն միջեւ առողջապահութեան մարզի գործակցութեան բարելաւման նպատակով ստորագրուած համաձայնագիրին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:
Պէտք է աւելցնել, որ նախագահ Աուն Շուֆի բնակիչներու ընդարձակ պատուիրակութիւն մը ընդունելու ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքացիական պատերազմին արձանագրուած արարքները պատմական սխալներ են, որոնք վերջ գտած են, «իսկ Լիբանան միայն ձեզմով կը գոյատեւէ», եզրափակեց ան:



