Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ամին Օրմ երէկ այցելեց բանակի մասնայատուկ ուժերու Ռումիէի ջոկատը:
Օրմ ստուգեց զօրանոցը, ինչպէս նաեւ ստուգեց մասնայատուկ ուժերուն իրագործած նուաճումները, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատուկ կարիքները:
Օրմ հանդիպումներ ունեցաւ մասնայատուկ ուժերու պատասխանատուներուն հետ` անոնց փոխանցելով իր ցուցմունքները:
Օրմի այցելութեան առիթով մասնայատուկ ուժերը գործադրեցին կենդանի ռազմափորձ մը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ զայն հակակշռելու իմաստով:
Օրմ բարձր գնահատեց բանակի մասնայատուկ ուժերուն կարողութիւնները` հաստատելով, որ իրենց հիմնադրութենէն ի վեր այդ ուժերը մղած են ամէնէն ծանր մարտերը` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Ան ընդգծեց, որ պէտք է ջանքերը աշխուժացնել եւ պէտք եղած միջոցառումներուն դիմել` քաղաքացիներուն մտահոգութիւնները փարատելու եւ քրէական բոլոր գործերուն դէմ բուռն պայքար մղելու իմաստով:
Օրմ նշեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է` երկրին զինուորական միաւորներուն պատրաստուածութեան, ահաբեկչութեան եւ Իսրայէլի դէմ անոնց մղած պայքարին, ինչպէս նաեւ անոնց զոհողութիւններուն շնորհիւ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան վերջին բռնարարքը աւելի քան երբեք կը փաստէ թշնամի Իսրայէլի ոճրային գոյացութիւն ըլլալը:



