Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրան Խաչատրեան. «Կառավարութեան Նպատակն Է Բացառել Փտածութեան Որեւէ Դրսեւորում Պետական-Մասնաւոր Յարաբերութեան Մէջ»

August 29, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան հանդիպում ունեցաւ Իրան-Հայաստան առեւտրական պալատի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան առանձնայատկութիւնները:

Հայաստանի մէջ իրանեան գործարարութեան աշխուժացման առումով նախարարը կարեւոր նկատեց Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ մշակութային ընդհանրութիւնները: Ըստ նախարարին, մէկ կողմէ հայ գործարարներու գիտելիքները եւ պատկերացումները իրանական տնտեսութեան վերաբերեալ, միւս կողմէ ռուսական տնտեսական միջավայրին անոնց ունեցած ծանօթութիւնը կրնան խիստ արդիւնաւէտ ըլլալ համագործակցութեան համար:

Խաչատրեան կարեւոր նկատեց նաեւ Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) միջեւ կնքուած ազատ առեւտուրի ժամանակաւոր համաձայնագիրի առկայութիւնը` ներկայացնելով ԵՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան արդիւնքները եւ բացուող տնտեսական հեռանկարները:  Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսական միջավայրին:

Իրան-Հայաստան առեւտրական պալատի վարչութեան նախագահ Հերուիկ Էարիջանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Տիգրան Խաչատրեանին եւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանին` ընդգծելով նախարարութեան հետ կայացած քննարկումներուն կարեւորութիւնը:

Պալատի ներկայացուցիչները նախարարին հարցումներ ուղղեցին Հայաստանի մէջ գործարար գործունէութիւն ծաւալելու առանձնայատկութիւններուն, մաքսային ընթացակարգերուն, հարկային կարգաւորումներուն վերաբերեալ:

Տիգրան Խաչատրեան նախարարութեան իրաւասու պաշտօնեաներուն յանձնարարեց պատուիրակութեան` Հայաստան գտնուած օրերուն հետամուտ ըլլալ զանոնք յուզող հարցերու պարզաբանման եւ օժանդակել գործարար կապերու հաստատման: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ գործարարները արդիւնաւէտ հանդիպումներ կ՛ունենան գործընկերներուն հետ, ինչ որ պիտի յանգեցնէ գործարարական միացեալ ծրագիրներու իրականացման:

 

 

 

Նախորդը

Ձերբակալուած Է Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Նախկին Նախագահ Գագիկ Խաչատրեանը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Մասնաճիւղի Առաջին Բանակումի Փակում

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.