Ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ Ղազախստանի նախագահի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր երկրորդ մրցումը կատարեց Տաճիկիստանի դէմ, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
47-րդ վայրկեանին Արթուր Սերոբեանի նշանակած կոլին շնորհիւ, հայրենի կազմը յառաջացաւ 1-0 արդիւնքով` մինչեւ 83-րդ վայրկեանը:
Սակայն նախքան մրցումին աւարտը, 2 կոլ ստանալով իր բերդին մէջ, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Բացման մրցումին Հայաստան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ղազախստանի հետ:



