Թրամփ. «Զարիֆի Հետ Հանդիպելու Համար
Չափազանց Կանուխ Է»
Պէարիցի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հանդիպումները տեւած են 3,5 ժամ: Զարիֆ կէս ժամ զրուցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, իսկ մնացած ժամանակը` ֆրանսացի բանակցողներու խումբի հետ, որ կը ղեկավարուէր արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիանի կողմէ:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էլիզէի պալատի ներկայացուցիչը գոհունակութիւն յայտնած է հանդիպումին արդիւնքներէն: «Զարիֆի հետ քննարկումները դրական էին եւ պիտի շարունակուին», հաւաստած է ան:
Ֆրանսական կողմը նաեւ ճշդած է, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարին հրաւէրը «ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ»:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ «յառաջիկային բարդ աշխատանք կը սպասուի» Իրանի շուրջ ստեղծուած կացութեան կարգաւորման վերաբերեալ, սակայն «կ՛արժէ այդ ուղին փորձել»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ իր հանդիպումէն առաջ չէ առարկած Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի Պէարից ժամանումին, սակայն չէ ուզած անոր հետ հանդիպիլ:
Թրամփ նշած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հարցուցած էր, թէ «արդեօք հաւանութիւն կու տա՞յ» Զարիֆի Պէարից գալուն:
«Ես գիտէի ամէն ինչի մասին, ինչ որ ան կ՛ընէր», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը` ընդգծելով, որ ներկայիս «չափազանց կանուխ է» Զարիֆի հետ հանդիպման մասին խօսելու համար:
Նշենք, որ Մաքրոն երէկ աւելի ուշ յայտնեց, թէ իր իրանցի պաշտօնակից Հասան Ռուհանին Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին այցելած է Պէարից, սակայն Փարիզի կողմէ պաշտօնական հրաւէրով:



