Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի իր գլխաւոր ցանկութիւնը եւ հիմնական նպատակը նկատած է Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ վերադարձը հանրապետութեան կազմ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին գրած է Դիմատետրի վրայ:
«Կը հաւատամ, որ պիտի գայ ժամանակը, երբ Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան խաղաղ ճամբով պիտի վերադառնան Վրաստանի միասնական պետական տարածք: Իմ գլխաւոր ցանկութիւնս եւ հիմնական նպատակս է, որ ատիկա տեղի ունենայ մօտիկ ապագային, իմ նախագահութեան ժամկէտին մէջ, ինչի համար ես պիտի օգտագործեմ բոլոր ուղիներն ու միջոցները», գրած է Զուրապիշվիլի` Ռուսիոյ կողմէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչման 11-ամեակին առիթով:
Վրաստանի նախագահը ընդգծած է, որ ինք պիտի ըլլայ երաշխաւորը, որ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ բնակիչները «ունենան արժանավայել կեանք, ընտրութեան իրաւունք եւ խօսքի ազատութիւն, ինչպէս Վրաստանի բոլոր քաղաքացիները, հակառակ անոնց ազգային ծագման»:
Զուրապիշվիլիի համաձայն, Վրաստանի իշխանութիւնները կարելի ամէն բան կ՛ընեն լուծելու համար Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ բնակիչներու խնդիրները մարդասիրական, բժշկական եւ կրթական ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ առեւտուրի բնագաւառին մէջ` «անոնց ընկերային ու տնտեսական ծանր կացութեան պատճառով»:
Մինչ այդ, Աբխազիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Վալերիյ Քվարչիա յայտնեց, որ Աբխազիոյ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ անցած են գործող նախագահ Ռաուլ Խաճիմպան եւ «Ամցախարա» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Ալխաս Քվիցինիան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Աբխազիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած են նախագահի ընտրութիւններ: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին վերջին տուեալներուն համաձայն, ընտրութիւններուն մէջ յառաջատար եղած է Խաճիմպան` քուէներու 23,85 առ հարիւրով: Քվիցինիան հաւաքած է քուէներուն 21,97 առ հարիւրը:
«Ընտրութիւնները կատարուած են հանգիստ պայմաններու մէջ… Վստահ եմ, որ ընտրութիւններու արդիւնքը կ՛արտացոլէ մեր ժողովուրդին կամքը: Վերջնական արդիւնքը պիտի տայ երկրորդ փուլը, որ պիտի կայանայ երկու շաբաթէն, այսինքն` 8 սեպտեմբերին», ըսած է Քվարչիան:



