Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլեն, որ 26-28 օգոստոս պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Հայաստան, քննարկեցին տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ, անտառներու, ջրային պաշարներու կառավարման եւ շարք մը այլ ասպարէզներու մէջ լուրջ համագործակցութեան սկսելու կարելիութիւնները:
26 օգոստոսին այս մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական գործընթացներուն արձագանգող առաջին երկիրներէն եղաւ Շուէտ, որուն կառավարութիւնը փոփոխութիւն կատարեց իր համապատասխան փաստաթուղթին մէջ` կարելիութիւն ստեղծելով ընդլայնել Հայաստանին ցուցաբերող ֆինանսական աջակցութիւնը:
«Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ կառավարութիւնը շարք մը միջազգային գործընկերներու հետ իրականացուց բաւական ծաւալուն ծրագիր, որուն նպատակն էր աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ընտրական համակարգին, եւ Շուէտը այդ շատ կարեւոր ծրագիրին մաս էր: Այժմ մշակման փուլին մէջ է, եւ կը կարծեմ, որ սեպտեմբերին պիտի ստորագրենք յուշագիր, որուն նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել եւ ընդլայնել Ազգային ժողովի կարողութիւնները: Այս ծրագիրին մէջ եւս Շուէտը կարեւոր մասնակիցներէն մէկն է», յայտնեց Միրզոյեան:
Անտրէաս Նորլեն հաստատեց, որ Շուէտ պատրաստ է տարբեր ուղղութիւններով շարունակելու սատարել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն:



