Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 օգոստոսին Շուշի քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Յաղթանակած 2019» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտին մէջ արծարծուեցան Արցախի պետականաշինութեան, շրջանային գործընթացներուն, ներհայկական կապերուն, երիտասարդական քաղաքականութեան առնչուող տարբեր հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց նման նախաձեռնութիւններ` մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ անոր` հայրենի երկիրը ճանչնալու առումով:



