Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Թող Հանրաքուէն Պարզէ` Ժողովուրդը Ի՛նչ Կ՛ուզէ»

August 24, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ օրերուն ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Ամուլսարի շահագործման առնչութեամբ տարածեց յայտարարութիւն, որուն մէջ մտահոգիչ նկատեց այն իրողութիւնը, որ Ամուլսարի հանքի շահագործման վերաբերեալ հրապարակուած եզրակացութիւնները բաւարար համոզում եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր թէ՛ հանրային, եւ թէ մասնագիտական շրջանակներուն մէջ, ուստի այս հարցի լուծման լաւագոյն տարբերակը նկատեց հանրաքուէի կայացումը:

Թերթը կը գրէ, որ 2016-ին, երբ Ամուլսարի մէջ ընթացք առին շինարարական աշխատանքները, բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը հիմա հանրաքուէի անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ, իսկ 2016-ին դէմ չէր արտայայտուեր Ամուլսարի մէջ շինարարական աշխատանքներուն:

«Հանքի շահագործման թոյլատրութիւնը տրուած էր Արծուիկ Մինասեանի նախարար նշանակուելէն շատ աւելի առաջ: Բացի ատկէ, մի՛ մոռնաք, որ 2016-ին հանրային այսպիսի մեծ  ընդդիմութիւն չկար: Հարցը կար, կը խօսուէր այդ մասին, բայց զարգացման գագաթնակէտը  վերջերս եղաւ: Հիմա իրավիճակ փոխուած է: Իշխանութիւնները կ՛ըսեն, որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, ուղղակի ժողովրդավարութեան կողմնակից են: Մենք ալ կ՛ըսենք` եթէ իրական ժողովրդավարութեան կողմնակից էք, պէտք է լայնածաւալ քննարկում տեղի ունենայ, եւ քաղաքացիները որոշում կայացնեն: Հասարակութիւնը  իսկապէս այս հարցին շուրջ երկփեղկուած է, «Էլարտ»-ի փորձաքննութիւնն ալ փորձագիտական շրջանակներու մէջ վստահութիւն չի ներշնչեր», ըսաւ ան:

Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ Ամուլսարի հարցին գծով հանրաքուէ կայացնելու առաջարկով` Դաշնակցութիւնը ստեղծուած իրավիճակի լուծման մեքանիզմ կ՛առաջարկէ: Ըստ անոր, հանրաքուէն հասարակութեան միջեւ համերաշխութիւն ապահովելու գործիքներէն մէկն է:

«Ամուլսարի շուրջ նման իրավիճակ յառաջացաւ նաեւ այս իշխանութիւններու անգործութեան իբրեւ հետեւանք: Անցեալ տարուան մայիսէն Ամուլսարի մէջ աշխատանքներ տեղի կ՛ունենային, իսկ իշխանութիւնները ընդհանրապէս չէին խառնուեր: Ժողովուրդի, ջերմուկցիներու, բնապահպաններու մօտ ակնկալութիւններ յառաջացած էին, հիմա յուսախաբ կ՛ըլլան: Այդ պատճառով կ՛ըսենք` հիմա թող տարբեր փորձագէտները խօսին բնապահպանական, տնտեսական ազդեցութեան մասին, հարցը դրուի հանրաքուէի, մենք ալ մեր դիրքորոշումը կը յայտնենք», նշեց Արթուր Խաչատրեան:

Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս շատեր կ՛ըսեն, թէ ժողովուրդի ինչպէ՛ս նման թեքնիք որոշում պիտի տայ: «Ես ալ կ՛ըսեմ` իշխանութիւնները կը յայտարարէին, որ Ղարաբաղի հարցը հրապարակին վրայ պիտի լուծուի, հապա ինչո՞ւ ոեւէ մէկը չըսաւ` ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ  հրապարակի վրայ նման կարեւոր որոշում տալ: Եթէ իշխանութիւնները պատրաստ էին Արցախի հարցը հրապարակը լուծելու, Ամուլսարի հանքի շահագործումը ինչո՞ւ չեն կրնար», նկատել տուաւ Արթուր Խաչատրեան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Ջերմուկի Բնակիչներուն Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.