23 օգոստոսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաք` Ամուլսարի հանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Ջերմուկի բնակչութեան հետ քննարկելու նպատակով:
Վարչապետի ժամանման լուրը ստացած ջերմուկցիները շուտով հաւաքուեցան քաղաքի կեդրոնական փողոցը, փակեցին ճամբան, որպէսզի տեսակցին վարչապետին հետ: Վերջինս մօտեցաւ ջերմուկցիներուն, որոնք վարչապետը դիմաւորեցին «Ամուլսարն առանց հանքի» վանկարկումներով: Անոնք ըսին. «Թոյլ պիտի չտանք, որ հանքը շահագործուի, մենք ունինք ջուրեր, որոնք ոսկի կ՛արժեն»:
Նիկոլ Փաշինեան շէնքերէն մէկուն մէջ քանի մը բնակիչի հետ հանդիպելէ ետք, դուրս գալով զրուցեց բողոքողներուն հետ, որոնք ըսին, թէ թէեւ նշուեցաւ, որ Փաշինեան եկած է Ամուլսարի հանքի շահագործման վերաբերեալ ջերմուկիցներուն կարծիքը լսելու, մինչդեռ այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ եկած է ջերմուկցիները համոզելու, որ հանքը աշխատի: Վարչապետը յայտնեց, թէ այդ կարծիքը սխալ է. «Ձեր գործողութիւններէն ալ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ եթէ նոյնիսկ ապացուցուի` հանքը անվտանգ է, օդը, ջուրը, հողը չի վնասուիր, ձեր դիրքորոշումը միեւնոյնը պիտի մնայ է, պիտի չփոխուի», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք ունինք իրողութիւններ, եւ այդ իրողութիւնները առկայ են: Այդ իրողութիւնը այն է, որ մենք ունենք Հայաստանի օրէնսդրութեամբ սկսած գործընթաց», ըսաւ վարչապետը:
Ան յիշեցուց, որ նախորդ տարի Ջերմուկի մէջ ան յայտարարած էր, որ այս հարցին վերաբերող որոշումին հիմքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի հաւասարակշռուած շահը: «Կայ բնապահպանական շահ, կայ տնտեսական շահ, կայ անվտանգութեան շահ, կայ քաղաքական եւ բարոյական շահ: Մեր որոշումները պէտք է ըլլան այնպիսին, որ շահի մը սպասարկումը միւս շահին սպասարկման հաշուոյն չըլլայ: Ինծի համար պարզ է` եթէ պարզուի, որ չկան երաշխիքները, որ Ջերմուկի օդը մաքուր պիտի ըլլայ նոյնքան, որքան առաջ, Ջերմուկի ջուրը մաքուր պիտի ըլլայ նոյնքան, որքան առաջ, աղմուկին չափը պիտի ըլլայ այնքան, որքան առաջ, բայց աւելի ճիշդ ձեւակերպեմ` միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշներուն համապատասխան չէ, ինծի համար ակնյայտ է, որ ատիկա չի կրնար շահագործուիլ», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:
Անկէ ետք Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ քաղաքի բնակչութեան հետ, այցելեց անոնց տուները, Ջերմուկի առողջարաններ, ջերմուկցիներուն հետ խօսեցաւ Ամուլսարի իրավիճակին մասին: Ան անդրադարձաւ Ամուլսարի հանքի ծրագիրի միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան արդիւնքներուն, նաեւ Ջերմուկի բնակիչներուն հետ քննարկեց իրավիճակի լուծման տարբերակներուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետը նաեւ զրուցեց Ջերմուկի հրապարակը հաւաքուած քաղաքացիներուն հետ եւ հանդէս եկաւ ելոյթով: Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ վարչապետ ընտրուած օրէն Ամուլսարի հարցը եղած է այն միակ հարցը, որուն առնչութեամբ իրեն ուղղուած բոլոր նամակները ընթերցած է անձամբ:
Ապա վարչապետը այցելեց Ամուլսարի հանքի Սարաւան եւ Գորայք համայնքներ, ուր հանդիպում ունեցաւ բնակիչներուն հետ, լսեց անոնց տեսակէտները` հանքավայրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հարցի լուծման հաւանական տարբերակներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
Ան շրջագայեցաւ նաեւ «Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան տարրալուծարանին մէջ, որ կը գտնուի Վայոց Ձորի մարզի Գորայք համայնքին մէջ:



