Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սուրիական Ռազմադաշտին Մէջ Կը Փոխուին Խաղի Կանոնները

August 24, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտլիպի շրջանը կամ ընդհանրապէս սուրիական տարածքները ահաբեկչութենէ մաքրելու ռազմական գործողութիւններու շղթայազերծումը` սուրիական կառավարական բանակին կողմէ, յայտնապէս նոր իրավիճակ ստեղծած է ազդեցութիւններու գօտիներու փոփոխութեան վրայ հակակշռելու ուղղութեամբ:

Դէպի Իտլիպ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը ընթացք տուած է գաղթականական նոր ալիքի մը, որ զանգուածային տեսքով ապաստանած է Թուրքիոյ սահմանին վրայ եւ դէպի Թուրքիա անցնելու նոր ալիքի մակընթացութիւններ յառաջացնելու պատկերներ կը պարզէ:

Ընթացող ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը յատկանշուին թէ՛ օդուժի հարուածներով, եւ թէ ցամաքային տեղաշարժերով, ըստ էութեան,  սուրիական տարածքային ամբողջականութեան Դամասկոսի կողմէ հսկողութեան վերականգնման  միտումներով կը բացատրուին:

Պարզ է սակայն, որ նման լայնածաւալ գործողութիւն չ՛իրականացուիր սուրիական ուժերու կողմէ, առանց մեծ դաշնակիցի հովանաւորչութեան, ուղղակի մղումին: Քաղաքական տրամաբանութեամբ` նախաձեռնութեան նոյնիսկ: Այլ խօսքով, ռուսական ռազմական որոշումի մը սուրիական ուժերով իրականացման հանգրուանն է, որ կ՛արձանագրուի Իտլիպի մէջ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վճռական բնոյթի համոզումը փոխանցելով:

Տուեալ շրջանի ահաբեկիչներու խմբաւորումները տարբաղադրական մօտեցումի կը կարօտին, հետեւեցնելու համար, որ անոնք հիմնականին մէջ պետական ո՛ր միջավայրերէն կը ֆինանսաւորուին, աջակցութիւն եւ հովանաւորչութիւն կը ստանան` ազդեցութեան գօտիներու պահպանման պատերազմին մէջ ուժերու յարաբերակցութեան կարեւոր գործօնի դեր ստանձնելով:

Դժուար չէ անշուտ ենթադրել, թէ խօսքը ուղղակիօրէն Անգարայի մասին է, որ Իտլիպի ահաբեկչական գործօնը կը շահարկէ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման իր առաջնային նպատակը իրականացնելու հիւսիսային ուղղութիւններու վրայ:

Անգարայի շահարկած այս գործօնի չէզոքացման վճռական փուլին մասին է խօսքը, որուն կանաչ լոյսը վառած է Մոսկուան: Մինչ, Ուաշինկթըն իը «այո-ոչ»-ի պարանաձգութեան խաղին ներքաշած է Անգարան` անվտանգութեան գօտիի (չ)ստեղծման առաջադրանքով:

Թեհրան-Անգարա-Մոսկուա նոր հանդիպման յայտարարութեան վերաբերող պաշտօնական լրատուութիւնները չեն յաջողիր փարատել յատկապէս Մոսկուա-Անգարա մերձեցման եւ Սուրիոյ տարածքին համաձայնեցուած գործողութիւններ իրականացնելու ռազմավարական պայմանաւորուածութիւններու ընթացքը: Իտլիպը փաստօրէն կը շրջէ այդ կարգը եւ կը խախտէ սուրիական ռազմադաշտին վրայ ցարդ երեւցած ռազմախաղի կանոնները:

Խախտած կանոններու մասին կը վկայէ պաշտօնական Անգարայի այն հրապարակումը, որ Թուրքիոյ նախագահը մտադիր է մօտ օրէն իր ռուս պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ, քննարկելու Իտլիպի զարգացումները եւ թրքական զինուորական շարասիւնի ռմբակոծման հարցը:

Սուրիոյ մէջ ռազմական համաձայնեցուած գործողութիւններու եւ նաեւ ռազմավարական գլխաւոր առանցքներու շուրջ համագործակցող կողմերու իրականացնելիք գործողութիւններուն համապատասխան չէ այս լրատուութիւնը:

Անգարան փաստօրէն գետին կը կորսնցնէ Սուրիոյ մէջ, արդարեւ ահաբեկչազերծման նպատակով իրականացուող գործողութիւնները ո՛չ միայն կը չէզոքացնեն Անգարայի շահարկման ռազմական գործօնները, այլ նաեւ կը հարուածեն Սուրիոյ մէջ տեղակայուած թրքական յենակէտերը: Մինչ Անգարային չ՛արտօնուիր իրեն դէմ սպառնալիք նկատուող քրտական յենակէտերու չէզոքացումը,  նպատակադրած գօտիներու ստեղծումը կամ ընդհանրապէս վճռական գործողութիւններու ձեռնարկելը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման Օրուան Առիթով Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է

Յաջորդը

Ռուսիան Պիտի Ֆինանսաւորէ Աբխազիոյ Բանակի Արդիականացումը

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.