Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՂՈՍԸՆԻ ԴԷՄ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

December 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի կատարած յայտարարութիւնները` Քայիտայի անդամներուն Սուրիա մուտք գործելու մասին, նախորդ երկու օրերուն ընթացքին պատճառեցին փոթորիկ մը, որուն իբրեւ հետեւանք նախարար Ղոսընի դէմ ցեխարձակումները շարունակուեցան:

Ղոսընի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ պաշտպանութեան նախարարին մօտ յստակ տեղեկութիւններ կան դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգող կողմերուն մասին: Անոնք նաեւ նկատել տուին, որ Ղոսընի կատարած յայտարարութիւնները հիմնուած են ստոյգ տեղեկութիւններու վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ, Արսալի քաղաքապետ Ալի Մոհամետ Հուժէյրի յայտնեց, որ Ղոսընի յայտարարութիւնները տեղեկատուական շինծու լուրեր են, որոնք յատուկ նպատակներ կը հետապնդեն:

Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալի մէջ արմատական, սալաֆական եւ Քայիտայի յատուկ անդամներ չկան: Ան նշեց, որ ինք վաղը պիտի այցելէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որպէսզի պահանջէ վերջ տալ Արսալի դէմ կատարուող ամբաստանութիւններուն:

Հուժէյրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց Ղոսընին լիբանանեան բանակը տեղակայելու լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի մտավախութիւն յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարը զոհ գացած ըլլայ ապահովական եւ տեղեկահաւաքի շրջանակներուն ապատեղեկատուութեան:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընդմէջէն կոչ ուղղեց պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին արտակարգ նիստ մը գումարելու եւ Ղոսընը հրաւիրելու, որպէսզի լուսաբանութիւններ ներկայացնէ Քայիտայի անդամներուն վերաբերող իր տեղեկութիւններուն մասին:

Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի իր կարգին շեշտեց, որ Ղոսընը պիտի ենթարկեն հարցաքննութեան, եթէ Քայիտայի անդամները կարելի չըլլայ ձերբակալել:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.