
Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան յանձնակատար Ճուլիա Տի Պիուլի հետ, որ Քանաանին ներկայացուց Եւրոպական Միութեան գնահատականը 2019-ի պետական ամավարկին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անոր մէջ նախատեսուած բարեփոխումները:
Անոնք շեշտեցին խորհրդարանի վերահսկողական դերակատարութիւնը եւ ամավարկի գործադրման ու բարեփոխումները կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շինիչ բարեփոխումներ ներառելը 2020 թուականի պետական ամավարկին մէջ` վստահութիւնը ամրապնդելու համար:
Կողմերը նաեւ անդրադարձան Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող ծրագիրներուն:
Քանաան նշեց, որ դրական բաժինները կուտակելով եւ միացեալ աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել առկայ մարտահրաւէրները: «Մենք իբրեւ երեսփոխաններ ատոր վրայ շեշտեցինք խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Պաապտայի հաշտութեան հանդիպման ընթացքին, որ երկիրը տեղափոխեց նոր փուլ, որ կ՛աշխատինք աշխուժացնել եւ զարգացնել յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին», յայտնեց Քանաան:


