Նախկին երեսփոխան Ղազի Արիտի նշեց, որ Պաապտայի հանդիպումը իրագործուեցաւ շնորհիւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, եւ այդ հանդիպումը պատճառ դարձաւ, որ պետական կառոյցներու աշխատանքները իրենց բնականոն վիճակին դառնան, եւ կայանան խորհրդարանի հանդիպումը եւ երէկուան կառավարութեան նիստը: Պաապտայի հանդիպումը նաեւ մղեց նախարարութիւններու եւ պետական կառոյցներու շարժման ու աշխուժացման` մեկնելով երկրին տնտեսական, նիւթական եւ ընկերային նուրբ վիճակէն, որ մեծ վտանգ պիտի ներկայացնէր, եթէ չըլլային նախորդ օրերու արդիւնքները:
Իբրեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ, Ղազի Արիտի հանդիպում ունենալէ ետք Նեպիհ Պըրրիի հետ յայտնեց, որ կը յուսայ, որ կառավարութեան նիստի ընթացքին բոլորը կ՛երթան նիւթական, տնտեսական եւ քաղաքական համաձայնութիւններու իրագործման ուղղութեամբ, ապա կ՛աշխուժացնեն պետական կառոյցները: Ասիկա պատասխանատուութիւն է, յատկապէս երբ կայ որոշ մտահոգութիւն դասակարգումներու առումով: «Ժամանակը հասած է, որ Լիբանանի մէջ պահպանենք այդ դասակարգումը, որուն արժանի է այս երկիրը եւ արժանի են լիբանանցիները, եւ չսպասենք այլոց դասակարգումներուն, ըլլայ քաղաքական, նիւթական, կամ տնտեսական», ըսաւ ան: Արիտի յայտնեց, որ պարտաւորութիւն կայ երկիրը կառավարելու եւ կառոյցները աշխուժացնելու գծով, եւ պէտք չէ սպասել արտաքին խօսքի, վերլուծման կամ զգուշացման, եւ «հակառակ անոր, որ շնորհակալ ենք բոլորին օժանդակութեան, բայց ամէնէն մեծ պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն վրայ կը մնայ»:
Պատասխանելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեամբ Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ յառաջիկայ հանդիպման վերաբերեալ հարցումի մը` Արիտի յայտնեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպէն առաջ խորհրդարանի նախագահը ջանքեր ի գործ դրաւ, եւ տեղի ունեցաւ հանդիպում երկու կուսակցութիւններուն մէջ, այն յոյսով, որ պիտի շարունակուին կապերը: Ըստ անոր, ամէն բան բնականոն կը դառնայ, եւ պէտք է վերադառնալ այդ երկխօսութեան եւ հարցերը արծարծել ազգային պատասխանատուութեան ոգիով` նկատի առնելով անցեալին այս յարաբերութեան արձանագրած յաջողութիւնը ազգային ընդհանուր մակարդակի վրայ:
Արտերկրի Լիբանանցիներու Ներկայացուցիչներու Հետ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ինչպէս որ համայնքները Լիբանանի համար օրհնութիւն են, այնպէս ալ արտերկրի լիբանանցիները աշխարհի 4 ծագերէն կը ներկայացնեն ազգային եւ տնտեսական օրհնութիւն, եւ մարդկային ու ռազմավարական պահեստ Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ուր տարածուած են լիբանանցիները: Ըստ Պըրրիի, պէտք է պահպանել արտերկրի լիբանանցիները, հակառակ երկրին դժուար կացութեան` աւելցնելով, որ յոյսը եւ գրաւը կը մնայ Լիբանանի բնակիչներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն վրայ` շրջանցելու այս դժուարութիւնները, եւ անոնք միշտ ալ ապացուցած են, որ լաւագոյն կրողներն են Լիբանանի պատգամին:
Լիբանանի արտերկրի գործարար խորհուրդի ղեկավար Նեսիպ Ֆաուազի հետ հանդիպման ժամանակ Պըրրի շեշտեց լիբանանցի ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութիւնը, որ անոնք կը ներկայացնեն սփիւռքի մէջ իբրեւ ապրելակերպ` տարբեր մակարդակներու վրայ, յատկապէս քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ` Լիբանան հայրենիքին նկատմամբ: Պըրրի շեշտեց կարեւորութիւնը օգտուելու լիբանանեան արմատներ ունեցող մարդոցմէ, որոնք կը գտնուին որոշումներ տալու պաշտօններու վրայ, ըլլան անոնք երեսփոխաններ, քաղաքական կամ կուսակցական առաջնորդներ, որոնք կրնան ծառայել Լիբանանի շահերուն:
Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Հրաւիրուեցան Նիստի` 28 Օգոստոսին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 28 օգոստոսին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին Յորդանանի հետ առանձին համաձայնութիւններ կնքելու վերաբերեալ օրինագիծերը, որոնք կ՛ենթադրեն Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ օդային ծառայութիւններու հաստատում, ինչպէս նաեւ միջազգային համաձայնագիրի կնքումը` պայքարելու համար մարմնակրթութեան մարզին մէջ խթանիչ դեղերու օգտագործման դէմ, Լիբանանի եւ Քուէյթի Արաբական տնտեսական զարգացման հիմնադրամին միջեւ վարկային համաձայնագիրի կնքումը` նպաստելու Տըննիէի շրջանին մէջ խմելու եւ ոռոգման ջուր ապահովելու ծրագիրի ֆինանսաւորման, ինչպէս նաեւ առաջարկելու օրէնք` պայքարելու համար սնունդի վատնումին դէմ:





