Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1969)

August 23, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ժողովուրդներու Բարեկամութեան
Ճամբան

Երկու օր առաջ, վաղանցուկ գարնան մը կարօտով, ժողովուրդ մը ամբողջ ոտքի ելաւ եւ արիւնի ու արցունքի մէջ արտայայտեց իր խոր դժգոհութիւնը:

Չեխոսլովաքիոյ գրաւման առաջին տարեդարձը նախորդող շաբաթներու եւ մանաւանդ վերջին օրերու ընթացքին, Փրակայի նոր ղեկավարներուն կողմէ արձակուած բոլոր կոչերը, հանդարտութեան յորդորները, սպառնալիքները, «գրգռիչ տարրերու» առիթներ չտալու զգուշացումները արձագանգ չգտան զանգուածներու մօտ, որոնք` երիտասարդ, ուսանող, բանուոր, մահը աչք առնելով, դրսեւորեցին իրենց վրդովումը, որ այսօր նոյնքան խոր է, որքան` խորհրդային ներխուժման առաջին օրերուն:

Իր «բարեկամութիւնը» բռնութեամբ պարտադրող, այդ բարեկամութեան պահպանումին համար հրասայլերու ուժին դիմող հզօր պետութեան մը եւ հայրենասիրական վառ զգացումներով բռնկած ազատախռով ժողովուրդի մը միջեւ յարաբերութիւնները հասած են իրենց վատագոյն աստիճանին: Մոսկուա, հակառակ իր բոլոր ջանքերուն, տակաւին չկրցաւ ստեղծել այն «բնականոն» կացութիւնը, որ Մոսկուայի չեխեւխորհրդային խօսակցութեանց հիմնական նպատակը հանդիսացած էր, առնուազն` Քրեմլինի վարիչներուն մտածողութեան մէջ: Ճիշդ է, որ յետյունուարեան քաղաքականութեան խորհրդանիշը` Ալեքսանտր Տիւպչեք իշխանութենէն հեռացուեցաւ եւ անոր փոխարէն չեխ կոմկուսի ղեկավարութեան կոչուեցաւ Կիւստաւ Հիւսաք, որ իր կամակատարի դերին մէջ վերջերս բաւական յառաջ գնաց, եւ սակայն, Խորհրդային Միութիւնը տակաւին «կը փնտռէ» այն չեխ ղեկավարները, որոնք «օգնութեան» կանչած են խորհրդային «ազատարար» բանակները:

Փրակայի գարունը, որ վաղահասօրէն խամրեցաւ, համայնավարութեան մարդկային նկարագիր տալու խնդիրը դրած էր սեղանի վրայ: Սքանչելի առիթ մը կը տրուէր Քրեմլինի վարիչներուն` ձերբազատելու ստալինականութեան հետքերէն, որոնք, հակառակ խռուշչովեան շռնդալից դատապարտութեան, դեռեւս տեսանելի են ընկերվարութեան հայրենիքին մէջ:

Փոխանակ այդ առիթէն օգտուելու, Պրեժնեւ եւ ընկերները, «Նոր դասակարգ»-ի իրենց դիրքերը ամուր պահելու մտահոգութեամբ, գերազանցապէս ռուսասէր ժողովուրդի մը իսկական բարեկամութենէն նախընտրեցին ստրուկի «հաւատարմութիւնը»` անոր մէջ փնտռելով ընկերվարական ճակատին ապահովութիւնը:

Փրակայի երկրորդ հարուածը, որ տեղի կ՛ունենար առաջինէն քսան տարի ետք, պատմութեան անիւը դարձնելու յուսահատական փորձ մըն էր, որ աւելի խնդիրներ ստեղծեց Մոսկուայի համար, քան թէ լուծեց: Երբ Փրակայի ցուցարարները, այսօր, գրաւումէն տարի մը ետք, Մաոյի նկարները կը պտտցնեն եւ Չինաստանի ղեկավարին անունը կը պանծացնեն, գիտնալով հանդերձ, թէ չինատիպ համայնավարութիւնը, ստալինեան իր ոճով, հալածանքներու մարզին մէջ շատ աւելի առաջ կ՛երթայ, քան խորհրդայինը, այդ կը նշանակէ, որ տագնապը այլեւս գաղափարական չէ, այլ` ազգային: Չեխ ժողովուրդն է, որ իր բոլոր դասերով եւ դասակարգերով, ինքնավար ազգի մը իրաւունքները կ՛ուզէ արժեցնել` ապաւինելով նախ իր անընկճելի կամքին, ապա նաեւ միջազգային այն բոլոր ազդակներուն, որոնք Քրեմլինի ղեկավարութիւնը կրնան ստիպել մեղմելու այն ճնշումը, որուն կ՛ենթարկուի Մասարիկի երկիրը:

Աշխարհի մը մէջ, ուր «թնդանօթակիրներու դիւանագիտութիւնը» հետզհետէ հող կը կորսնցնէ, Խորհրդային Միութիւնը, որուն անկեղծ բարեկամութիւնը այնքան մեծ արժէք կրնայ ներկայացնել փոքր ժողովուրդներու համար, պետութիւն մը, որ անսահման կարելիութիւններ ունի զարգացնելու իր բարոյական հեղինակութիւնը, պէտք է հրաժարի «հրասայլերու քաղաքականութենէն»: Տագնապը, որ աշխարհի ամէն կողմը համայնավարներու հոգիին մէջ ծնունդ առաւ Չեխոսլովաքիոյ ողբերգութեամբ, ինքնին կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ Փրակայի հարուածը, զինուորական յաջողութիւն մը ըլլալով հանդերձ, եղաւ քաղաքական ու մանաւանդ հոգեբանական մեծ սխալ մը, որ բաւական վնասեց Խորհրդային Միութեան վարկին:

Քսանեւհինգ տարի առաջ, այն ժողովուրդները, որոնք այսօր կ՛ընդվզին խորհրդային լուծին դէմ, գրկաբաց ընդունած էին Կարմիր բանակները, որոնք կու գային իբրեւ ազատարար` հիթլերական ճիրաններէն փրկելու համար կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի երկիրները: Քսանեւհինգ տարուան ընթացքին Մոսկուա մսխեց բարոյական այն մեծ դրամագլուխը, զոր շահած էր միլիոնաւոր զոհերու արեան գնով: Մինչդեռ որքան արդիւնաւէտ կրնար ըլլալ տարբեր տնտեսում մը` թէ՛ ի շահ այդ երկիրներուն եւ թէ՛ Խորհրդային Միութեան, որմէ այլ բան կը սպասուի, քան` ուժի անտեղի ցուցադրութիւն մը, որ ամէնէն անապահով ճամբան է ժողովուրդներու սիրտը գրաւելու համար:

Խորհրդային Միութիւնը, որ մեծ պետութիւն է, մեծութեան անվիճելի փաստեր տուած կ՛ըլլայ, եթէ երբեք իր ազդեցութեան ենթակայ ժողովուրդներուն համար դառնայ մշտահոս աղբիւր մը ներշնչումի եւ ոչ թէ յարատեւ պատճառ մը` վախի ու սարսափի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կեդրոնականցի Արմենակ Սրահին Մէջ Յօրանջելով Քնացեր Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.