Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոշտ «Պրեքզիթ»-ը Կրնայ Լուրջ Խնդիրներ Ստեղծել Քաղաքացիներուն Համար» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովը

August 21, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ Բրիտանիան չվաւերացնէ Եւրոպական Միութենէն անջատուելու պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնագիրը, որ բրիտանացի խորհրդարանականները արդէն քանի մը անգամ մերժած են, իսկ Եւրոպական Միութիւնը կը մերժէ զայն վերատեսութեան ենթարկել, ապա ատիկա մեծ դժուարութիւններ պիտի յառաջացնէ քաղաքացիներուն եւ առեւտուրին համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Նարաշա Պերթոն:

Ան յիշեցուցած է, որ այսպէս կոչուած «առանց գործարքի «Պրեքզիթ»-ի պարագային Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութիւնը երկրի միութենէն դուրս գալու օրը պիտի դադրի կիրարկուիլ Բրիտանիոյ նկատմամբ, պիտի չըլլայ երկրին վրայ եւրոպական օրէնսդրութեան տարածման անցումային շրջանը` մեղմացնելու այն կացութիւնը, որ նախատեսուած է «ապահարզանի» մասին համաձայնագիրով:

«Եւ ատիկա, ի հարկէ, զգալի խափանումներու պիտի բերէ թէ՛ քաղաքացիներուն, թէ՛ առեւտուրին համար, եւ ատիկա պիտի ունենայ տնտեսական լուրջ բացասական ազդեցութիւն, որ շատ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ Բրիտանիոյ մէջ, քան Եւրոպական Միութեան մէջ», ըսած է Պերթոն:

Բրիտանիոյ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կ՛առաջարկէ մօտ օրէն վերսկսիլ խորհրդարանի աշխատանքին, որպէսզի չարտօնուի երկրին Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը առանց «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնագիրի: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ի եթերէն յայտարարած է աշխատաւորականներու ստուերային կառավարութեան ելեւմուտքի նախարար Ճոն Մաքտոնըլ:

«Այժմ երեսփոխաններուն անհրաժեշտ է հաւաքուիլ, որովհետեւ մենք ժամանակի պէտք ունինք այդ հարցին շուրջ համապատասխան բանավէճ կատարելու համար», ըսած է ան` նշելով. «Կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելը մեքանիզմներէն մէկն է» կոշտ «Պրեքզիթ»-ը կանխարգիլելու համար:

«Այժմ ամէնէն գլխաւորը համաձայնագիրի բացակայութեամբ բեմագրութիւնը արգելակելն է: Ես կը կարծեմ, որ խորհրդարանին մէջ տակաւին կայ մեծամասնութիւն` (վարչապետ) Պորիս Ճոնսընին ըսելու, որ մենք պիտի չընդունինք առանց գործարքի «Պրեքզիթ»-ը», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ Մասնակցելու Համար Թրքական Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի. Քիւրտ Զինեալները Դուրս Պիտի Բերուին Սուրիոյ Հիւսիսի Անվտանգութեան Գօտիէն, Որ Միայն 70-80 Քիլոմեթր Երկայնքով Պիտի Ըլլայ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.