Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Կը Զօրակցինք Իտլիպին Վերատիրանալու Սուրիական Բանակի Գործողութեան»

August 20, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրիական Օդուժը Հարուածեց Խան Շէյխուն
Ուղղուող Թրքական Բանակի Շարասիւնը

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զինամթերքով բեռնաւորուած թրքական մեքենաներ սահմանէն անցնելով մուտք գործած են Սուրիա եւ Ժապհաթ Նուսրային օգնութեան հասնելու համար ուղղուած դէպի Իտլիպի հարաւը գտնուող Խան Շէյխուն քաղաք, ուր մէկ օր առաջ մուտք գործած էր սուրիական բանակը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ թրքական այդ քայլը «կը հաստատէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տրամադրուած թրքական անսահման աջակցութիւնը»:

Նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց թրքական բացայայտ միջամտութիւնը` թրքական վարչակարգը ամբողջական պատասխանատուն նկատելով Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնահարման հետեւանքներուն:

«Թրքական վարչակարգի այս թշնամական վարմունքը որեւէ ձեւով պիտի չազդէ սուրիական բանակին` Խան Շէյխունի մէջ թէ այլուր ահաբեկիչներու մնացորդները մինչեւ սուրիական հողը ահաբեկիչներու ներկայութենէն մաքրելը հետապնդելու վճռակամութեան ու վճռականութեան վրայ», յայտարարեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Սուրիական բանակի տեղեկատուութեան բաժանմունքը հաղորդեց, որ սուրիական օդուժը հարուածած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Ֆայլաք Շամ» զինեալ խմբաւորման շարասիւնը, մինչ Մաարաթ Նոհման քաղաքին մէջ կը սպասէր թրքական շարասիւնի մը: Ռմբակոծման պատճառով «Ֆայլաք Շամ»-էն զինեալ մը սպաննուած է եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած:

Իտլիպի գիւղական շրջանէն գործիչներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ թրքական բանակի զրահապատ մեքենաներու շարասիւնը կանգ առած է Մաարաթ Նոհմանի մօտ` սուրիական օդուժի այդ շարասիւնի մերձակայքը ռմբակոծելուն պատճառով:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ հսկողութեան 9-րդ կէտ ուղղուող թրքական զինուորական շարասիւնին դէմ սուրիական օդային հարուածին պատճառով 3 քաղաքայիններ սպաննուեցան եւ 12 ուրիշներ վիրաւորուեցան»:

«Յարձակումը խախտում մըն է Անգարայի համաձայնութիւններուն եւ Ռուսիոյ հետ անոր գործակցութեան», յայտարարեց նախարարութիւնը` նշելով, որ Թուրքիան կարաւանին մասին տեղեակ պահած էր Ռուսիան:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական շարասիւն մը աշխատանք կը տանի Խան Շէյխունի մօտ դիրք մը հաստատելու:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մարսէյի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ կը զօրակցի Իտլիպին վերատիրանալու սուրիական բանակի գործողութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Իրանեան Քարիւղատար Նաւը Կ՛ուղղուի Յունական Քալամաթա Կղզի

Յաջորդը

«ՌՊՔ» Բացայայտած Է Ռուսիոյ Պարտք Ունեցող Երկիրներուն Մասին Տեղեկութիւնը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.