Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քապուլի Մէջ Հարսանիքի Մը Դէմ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Պատճառեց 245 Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

August 19, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՀԵՇ ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ շաբաթ օր հարսանիք մը թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութեան, որ աւելի քան 245 զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառեց:

ՏԱՀԵՇ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր զինեալը ինքզինք պայթեցուցած է «մեծ հաւաքի» մը մէջ, մինչ այլ զինեալներ «պայթեցուցած են ականուած ինքնաշարժ մը», երբ շտապ օգնութեան ինքնաշարժները հասած են դէպքին վայրը:

Պայթումը տեղի ունեցաւ քաղաքի մեծամասնութեամբ շիի հազարա ցեղախումբի անդամներով բնակուած շրջանին մէջ:

Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ յարձակումը պատճառած է 63 զոհ եւ շուրջ 180 վիրաւոր:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց յարձակումը` նշելով, որ այդ ոճիրին հեղինակները մարդկութեան, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի ու շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան թշնամիներն են:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Թեհրան միշտ պիտի մնայ Աֆղանիստանի կողքին:

Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանի դատապարտեց «բարբարոսական» յարձակումը, եւ ատոր համար այպանեց Թալեպան շարժումը «ահաբեկիչներուն հարթակ տրամադրելուն համար»:

Թալեպան շարժումը հերքեց իր մեղսակցութիւնը եւ դատապարտեց յարձակումը: Շարժումի բանբեր Զայպիուլլահ Մուժահիտ յայտնեց. «Այսպիսի դիտաւորեալ ու բիրտ սպանութիւնները եւ կիներու ու մանուկներու թիրախաւորումը որեւէ արդարացում չունին»:

 

Նախորդը

Քուէյթի Գահաժառանգին Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Մենք Եւ Դուք Պիտի Մնանք Շրջանին Մէջ, Իսկ Օտարները Պիտի Հեռանան» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յաջորդը

Իրանի Ծովուժը Պատրաստ Է Ընկերակցելու Ժիպրալթարէն Նաւարկելու Պատրաստուող Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.