Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմահազար Ժողովուրդի Ներկայութեան` Ս. Աստուածածնայ Տօնը Նշուեցաւ Համանուն Վանքին Մէջ

August 19, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածամօր վերափոխման տօնը հայ եկեղեցւոյ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան իր մէջ կը պարփակէ կրօնական եւ ազգային դիմագիծերը: Ան եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը կը հանդիսանայ: Վերափոխման տօնին առիթով, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը նշէ Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը, տեղի կ՛ունենայ Աստուածաշունչին եւ մեր հայերու աւանդութեան համաձայն երախայրիքի եւ ոչխարի ընծայումը: Ասիկա ո՛չ միայն իր պատմական հողէն արմատախիլ եղած հայ ժողովուրդին դարաւոր սովորութիւններուն շարունակականութիւնն է, այլեւ հաւատքի ցոլացում է, որ կը ներկայացուի իր արտի բերքէն առաջինը Ամենակալին ընծայելու:

Արդարեւ, շաբաթ, 17 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Պատարագը մատուցեց Շահան արք. Սարգիսեան, իսկ անոր երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը թափօրով Ս. Խորան բարձրացաւ եւ համաձայն հայ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը եւ ընթերցեց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթք:

Մատաղի օրհնութենէն անմիջապէս ետք վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր պատգամը: Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ այս տարի կ՛ուզէ անդրադառնալ հայ ժողովուրդի կեանքին ու հզօրութեան ամէնէն զօրեղ հիմքերէն ընտանիքին ու դպրոցին:

Խօսելով ընտանիքի մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ 2004 տարին հայրապետական կոնդակով հռչակած էր «Հայ ընտանիքի տարի», «սակայն մեզի համար ամէ՛ն տարի հայ ընտանիքի տարի է եւ աւելին` ամէ՛ն օր ու ամէ՛ն վայրկեան, որովհետեւ հայ ընտանիքը մեզի համար սրբազան կառոյց է, որոշ իմաստով` եկեղեցի, դպրոց ու հայրենիք է: Վա՛յ մեզի, եթէ խախտի հայ  ընտանիքի արժէքներու համակարգը եւ ապականի հայաբոյր մթնոլորտը: Այսօր, երբ համաշխարհային մշակոյթը, ապաբարոյ ու ապազգային արժէքները սկսած են թափանցել հայ ընտանիքին մէջ, այսօր, երբ ընկերային պայմաններու հետեւանքով խառն ամուսնութիւնները եւ ամուսնալուծումները սկսած են դառնալ բնական երեւոյթներ, առաւել քան երբեք մենք նախանձախնդիր ու խստապահանջ պէտք է ըլլանք հայ ընտանիքին նկատմամբ, որովհետեւ, երբ հայ ընտանիքը քայքայուի, մեր ազգը ու հայրենիքը կը քայքայուին»:

Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող այսպէս կոչուած «Իստանպուլի քոնվենցիա»-ին շուրջ քննարկումներուն: Կնոջ նկատմամբ բռնութիւնները դատապարտող Եւրոպական խորհուրդի յիշեալ փաստաթուղթին մէջ վեհափառ հայրապետը դրական կէտեր նկատելով հանդերձ, նաեւ վտանգալից կէտեր տեսաւ հայ ընտանիքի արժէքներուն առնչուած: Ան շեշտակի կերպով ըսաւ. «Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի կամ անուղղակի վնասող որեւէ փաստաթուղթի, մտածելակերպի, գործելակերպի ու կենցաղակերպի նկատմամբ, մենք` իբրեւ կաթողիկոս, բացարձակապէս դէմ ենք»:

Իր հայրապետական պատգամին երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ հայ դպրոցին ու անոր առաքելութեան: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս հայ ընտանիքը, նոյնպէս ալ հայ դպրոցը որոշ իմաստով հայրենիք է ու եկեղեցի` իր քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ: Հայ դպրոցը այս գիտակցութեամբ կը մօտենայ հայ աշակերտին եւ սպասելի է, որ նոյն ոգիով հայ ծնողքը մօտենայ հայ դպրոցին: Ապա, ան կոչ ուղղեց իրենց զաւակները օտար դպրոց առաջնորդող ծնողներուն, իրենց զաւակները յանձնելու հայ դպրոցին, որպէսզի հայաբոյր մթնոլորտին մէջ անոնք հայօրէն դաստիարակուին:

Վեհափառ հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածինին բարեխօսութիւնը խնդրեց, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան ամէն տեսակ փորձանքներէ, առողջութիւն պարգեւէ հիւանդներուն եւ «գործոց բարեաց» յաջողութիւն, ամրացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագայ:

Պատարագի աւարտին, ուխտաւոր ժողովուրդը հաղորդուեցաւ եւ ստացաւ օրհնուած մատաղն ու աստուածային բարիքներու խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի առաջին ճիռերը:

Նախորդը

Արագած Շրջանի Բարեզարդման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.