Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ 4,3 Միլիառ Տոլարով Պիտի Կրճատեն Միջազգային Օժանդակութեան Ծախսերը

August 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը մտադիր է աւելի քան չորս միլիառ տոլարով կրճատել Միացեալ Նահանգներու միջազգային օժանդակութեան ծախսերը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն: Ամերիկեան վարչակազմի աղբիւրներուն տուեալներով` համապատասխան նախագիծը պատրաստած է Սպիտակ տան պիւտճէական վարչութիւնը:

Այս փաստաթուղթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան` «Եու.Էս.Էյտ»-ի ծախսերը պիտի կրճատուին 2,3 միլիառ տոլարով, իսկ միջազգային օժանդակութեան ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին արտաքին գործոց նախարարութեան ծիրին մէջ, երկու միլիառ տոլար նուազ պիտի ստանան:

Պիւտճէի ուղղումները կրնան Քոնկրես ուղարկուիլ յաջորդ շաբթուան սկիզբը: Օրէնսդիրները պիտի ունենան 45 օր, որպէսզի հաւանութիւն տան նախագահին առաջարկած թղթածրարին կամ մերժեն զայն: Սակայն, ինչպէս «Փոլիթիքօ»-ն կը նշէ, քննարկման ժամանակ վիճելի հիմնադրամները կը մնան սառեցուած, իսկ 30 սեպտեմբերէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը լրանայ ելեւմտական տարին, անոնք ինքնաբերաբար պիտի լուծարուին:

«Ռոլ Քոլ» կայքը, վկայակոչելով աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ նախագահ Տոնալտ Թրամփ որոշած է վերջ տալ այն ծախսերուն, որոնց նպատակը ինք Միացեալ Նահանգներու համար երկրորդական կը նկատէ: Նիւթին մէջ նշուած է, որ միջազգային օժանդակութեան ծախսերու կրճատումը պիտի չվերաբերի այն նախագիծերուն, որոնք կը համակարգուին Թրամփի դստեր` Իվանքայի եւ փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ:

Նախորդը

«Բրիտանիոյ Հետ Առեւտուրի Հոյակապ Եւ Մեծ Համաձայնութիւն Մը Կը Պատրաստուի» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Ժիպրալթար Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն Արտօնեց Ազատօրէն Նաւարկել. Իրան Այդ Քայլը Կը Նկատէ Իր Յաղթանակը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.