Յուլիսեան պատերազմին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին առիթով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կատարեց դիմատետրեան հետեւեալ գրառումը.
«Ինչպէս որ 2006-ի այս օրը Լիբանան կերտեց իր յաղթանակը, լիբանանցիները ամէն օր պատասխանատու են պաշտպանելու այդ յաղթանակը կերտած կարգախօսը` «Դիմադրութիւն, բանակ, ժողովուրդ»: Կը մնանք նորանոր յաղթանակներու յոյսով լեցուն: Փա՛ռք Դիմադրութեան մարտիկներուն»:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մաաթուք ընտանիքին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց զաւկին` Ապպաս Մաաթուքի նահատակութեան սուգին առիթով: Նշենք, որ Ապպաս Մաաթուք Նապաթիէի Թուլ գիւղաքաղաքին մէջ մահացած էր իսրայէլեան տարանջատուող ռումբի մը պայթումին պատճառով:



