Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Սառեցուց Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վենեզուելայի Սեփականութիւնը

August 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամայած է «սառեցնել» Վենեզուելայի իշխանութիւններուն` Միացեալ Նահանգներու իրաւասութեան տակ գտնուող սեփականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Ցուցակին վրայ յայտնուած են Վենեզուելայի կեդրոնական դրամատունը, ինչպէս նաեւ ՓՏՎՍԱ նաւթի պետական ընկերութիւնը: Սառեցումը սկսած է գործել 5 օգոստոսէն:

Սահմանափակումները կը տարածուին Վենեզուելայի իշխանութիւններու սեփականութեան վրայ, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու տրամադրութեան տակ, հետագային անիկա պէտք է դառնայ Միացեալ Նահանգներու սեփականութիւնը կամ կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու որեւէ քաղաքացիի:

«Վենեզուելայի իշխանութիւններ ըսելով նկատի ունինք պետութիւնն ու կառավարութիւնը, որեւէ քաղաքական ստորաբաժանում, գերատեսչութիւն կամ անոնց կառոյցները», ըսուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:

«Տը Կարտիըն»-ի հաղորդումով, հակառակ անոր որ օրէնքը առեւտրական արգելք չէ, անիկա նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի իշխանութենէն հեռացման Միացեալ Նահանգներու առաւել վճռական գործողութիւններու ազդանշանն է այն ժամանակէն ի վեր, երբ Թրամփի վարչակազմը յունուարին ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոն ճանչցաւ Վենեզուելայի օրինական ղեկավար:

Նշենք, որ Թրամփ այս հարցով Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ գրեց. «Պէտք է սառեցնել Վենեզուելայի կառավարութեան ամբողջ սեփականութիւնը Նիքոլաս Մատուրոյի անօրինական վարչակարգին կողմէ իշխանութեան գրաւման շարունակութեան պատճառով»:

Ըստ հրամանագիրին, այդ սեփականութիւնը «կարելի չէ փոխադրել, վաճառել, արտածել, քաշել կամ անոր դպչիլ»:

 

 

Նախորդը

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Իտլիպի Մէջ Մեծ Ողբերգութիւն Կանխարգիլեցին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Ռուսիան Թռիչքի Մէջ Է, Միացեալ Նահանգներուն Կը Սպասէ Խորհրդային Միութեան Ճակատագիրը, Իսկ Եւրոպան Կը Ծերանայ Եւ Կը Դողայ Մերքելին Պէս» Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.