Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան Նուիրուած Խորհրդաժողովը Կ՛ընդգծէ Երիտասարդութեան Դերակատարութիւնը

August 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առիթով երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ հետեւողական բարգաւաճման նպատակները ամբողջ աշխարհին մէջ հաւասարութիւն եւ արդարութիւն բանեցնելու միտում ունին, ինչպէս նաեւ մաքուր կենսոլորտ, առողջապահութեան եւ ուսման բարձր մակարդակ ու խաղաղ կենցաղ ապահովելու տեսլական` աւելցնելով, որ այդ նպատակները կը հետապնդեն աշխարհը աւելի լաւ վայր մը դարձնել մինչեւ 2030:

Ան նշեց, որ երիտասարդները լիբանանեան ընկերութեան մէջ եւ պետական հաստատութիւններուն ու գիտահետազօտական կեդրոններուն մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ պէտք է ստանձնեն, ինչպէս նաեւ իրենց բաժինը ունենան աւելի լաւ այս աշխարհ կերտելու մէջ:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նշեց, որ լիբանանցի երիտասարդները կը մերժեն աւատապետական կամ զինուորական  դրութեամբ ապրիլ իրենց ընտանիքներուն մէջ` աւելցնելով, որ անոնք կը փափաքին ազատութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ ապրիլ: «Անոնք կ՛ուզեն ընտրել իրենց ղեկավարներն ու կառավարիչները եւ հաշուետուութեան կանչել զանոնք: Անոնք նաեւ կը փափաքին հիմնել օրէնքի պետութիւն եւ փոքրամասնութիւնները ներգրաւել երկրին իշխանութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կը փափաքին տեսնել քաղաքական այնպիսի դասակարգ մը, որ կը գործէ ի խնդիր լիբանանցի քաղաքացիներուն», ըսաւ ան:

Պասիլ կոչ ուղղեց բոլորին երիտասարդութեան վրայ ճնշում չբանեցնելու կամ երկրին ընկերային եւ կրօնական արժէքները չօգտագործելու` սահմանափակելու համար անոնց զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը:

«Երիտասարդներն են մեր հայրենիքին ապագան, եւ անոնց առջեւ շինծու բոլոր արգելքները փուլ կու գան», հաստատեց Պասիլ:

Երիտասարդութեան եւ կիներու տնտեսական եւ ընկերային կարողութիւններու ամրապնդման պետական նախարար Վիոլեթ Սաֆատի յայտնեց, որ լիբանանցի երիտասարդը այսօր սուղ կը վճարէ յառաջդիմութեան իր պարտքը` երկրին դիմագրաւած տագնապներուն պատճառով: Ան աւելցուց, որ այս պատճառով ալ լիբանանցի երիտասարդները միայն արտագաղթի մասին կ՛երազեն:

Սաֆատի ընդգծեց, որ ինք կ՛երազէ ունենալ այնպիսի հայրենիք մը, ուր ժողովուրդը կ՛ապրի տնտեսական առատութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կ՛երազէ ունենալ պետութիւն մը, որ իր ժողովուրդին կ՛ընծայէ քաղաքացիական իր իրաւունքները, եւ պետութիւն մը, ուր կ՛իշխէ օրէնքն ու սահմանադրութիւնը` հեռու քաղաքական, համայնքային եւ տեղայնական հաշիւներէ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինի խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց լուծելու Լիբանանի ընկերային, տնտեսական եւ կենսոլորտային հարցերը, որոնք քաղաքացիին դիմագրաւած առօրեայ մարտահրաւէրներն են: Ան հաստատեց, որ լիբանանցի երիտասարդները երկրին ապագան են` հաստատելով, որ միջազգային ընտանիքը լիբանանեան երիտասարդութեան կը զօրակցի` Լիբանանի մէջ յաջողութիւն արձանագրելու եւ ոչ թէ Լիբանանէն դուրս, որպէսզի անոնք արտագաղթի չդիմեն:

Լազարինի ընդգծեց, որ հիմնական նպատակն է Լիբանանի կրթական եւ ուսման մարզը բարեկարգել, որպէսզի անիկա դարու կարիքներուն պատշաճեցուի:

Լազարինի շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարներ Պասիլին եւ Սաֆատիին, որոնք կազմակերպեցին այս խորհրդաժողովը:

 

Նախորդը

Լիբանանցի Աշակերտներ Վայրկեաններու Համար Յաջողեցան Իրենց Պետական Քննութիւնները Եւ Ապա Ձախողեցան

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Ֆընիանոսի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.