Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն-Ռուհանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

August 8, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադառնալով այլ երկիրներու հետ Իրանի նաւթային եւ դրամատնային համագործակցութիւններու, որոնք Հիւլէական համապարփակ համաձայնագիրի մէջ ամրագրուած Իրանի կարեւորագոյն տնտեսական իրաւունքներն են, արագացման անհրաժեշտութեան` Ռուհանի շեշտած է հարցին վերաբերեալ փորձագիտական եւ արդար լուծում գտնելու ընթացքին տարբեր առաջարկներու քննարկման կարեւորութիւնը:

Խօսելով շրջանային իրադարձութիւններուն մասին` Ռուհանի ըսած է. «Ցաւօք, Իրանի եւ Ֆրանսայի` լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ շրջանին մէջ խաղաղ գոյակցութեան համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու ջանքերու լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներու սադրիչ գործողութիւններու ականատեսն ենք»:

Ռուհանի նշած է, որ Իրան կարեւոր կը նկատէ Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան ապահովումն ու նաւթի փոխադրութեան ազատութիւնը, եւ իրանեան ուժերը կանոնակարգին համապատասխան վերահսկողութիւն կը կատարեն»:

«Իրան-Եւրոպա գործակցութեան ընդլայնումը կրնայ անվտանգ մթնոլորտ ստեղծել շրջանի եւ աշխարհի համար, իսկ Ֆրանսան, իբրեւ Եւրոպական Միութեան մէջ Իրանի երկարամեայ գործընկերներէն մէկը, կրնայ այս առումով կառուցողական դեր ունենալ», ըսած է Իրանի նախագահը:

Ֆրանսայի նախագահը իր կարգին նշած է, որ Ֆրանսայի համար կարեւոր է հասնիլ փոխադարձ ընդունելի արդիւնքի, եւ ապահովել Հիւլէական գործարքին մէջ ամրագրուած Իրանի շահերը: Ան ողջունած է նախագահ Ռուհանիի` շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու լուծման համար լուծումներ գտնելու նպատակով Իրանի եւ Ֆրանսայի փորձագէտներուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարելու առաջարկը, կարեւոր նկատելով Թեհրանի եւ Փարիզի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումը:

Նշենք, որ Մաքրոն Ռուհանին հրաւիրած է Ֆրանսայի մէջ գումարուելիք Եօթներու խմբակի ժողովին` իբրեւ պատուոյ հիւր:

 

Նախորդը

«ՏԱՀԵՇ Վերսկսաւ Սուրիոյ Մէջ Իր Գործունէութեան Եւ Ամրապնդեց Իրաքի Մէջ Իր Կարողականութիւնը» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Յաջորդը

«Իսրայէլ Կը Մասնակցի Ծոցին Մէջ Նաւարկումի Պաշտպանութեան Ամերիկեան Դաշինքին» Կ՛ըսէ Քաց

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.