Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԻՆՔՆԻՐԵՆ ՄԻԱՅՆ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

December 27, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ ուրբաթ օր լիբանանեան «Օ. Թի. Վի.» եւ Հայաստանի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ ժխտողական ոգին ու սպառնական կեցուածքը թէ՛ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն եւ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան գծով վերջերս Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի կողմէ առնուած դրական քայլերուն նկատմամբ:

Նախ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` վեհափառը յիշեցուց, թէ Թուրքիան փոխանակ արաբ դրացի երկրի մը սպառնական ոճով  թելադրելու, թէ` «ազգի մը պատմութիւնը արիւնի ու ջարդի վրայ չի կերտուիր, ան պէտք է նայի իր պատմութեան, որ եղած է արիւնի, հալածանքի, կեղեքումի ու ջարդի պատմութիւն»:

Վեհափառը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն գծով հարցումի մը պատասխանելով յիշեց վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ յայտարարութիւնը, որուն համաձայն` Թուրքիան կը պատրաստուի միջազգային համագումար մը կազմակերպելու` ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան: «Ցաւալի, ծիծաղելի ու վտանգալից նախաձեռնութիւն մըն է այս` պետութեան մը կողմէ, որ կը շարունակէ բռնաբարել իր սահմաններուն մէջ ապրող ու համաքաղաքացի փոքրամասնութիւններու իրաւունքները: Պետութիւն մը, որ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ փոքրամասնութիւններու շարժուն եւ անշարժ կալուածները, ներառեալ` ցեղասպանութեան զոհ հայ ժողովուրդին պատկանող բազմաթիւ ազգապատկան, եկեղեցապատկան կամ անհատական շարժուն ու անշարժ կալուածներ», ըսաւ վեհափառը` յիշեցնելով, որ «Թուրքիան նման քարոզչական քայլերու կը դիմէ այսօր` ցոյց տալու համար քրիստոնեայ Արեւմուտքին, թէ ինք նախանձախնդիր ու պաշտպան է քրիստոնեայ համայնքներուն»: Հետեւաբար, վեհափառը թելադրեց «զգուշ ըլլալ նման նախաձեռնութեան մը դիմաց: Բնականաբար, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը, հասկնալի պատճառներով պէտք է մասնակցի նման համագումարի մը: Սակայն, բացարձակօրէն ճիշդ չենք տեսներ, որ Թուրքիայէն դուրս հայ մը, հոգեւորական կամ աշխարհական, իր մասնակցութիւնը բերէ նման ձեռնարկներուն»: Այս առիթով, վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ 26-28 յունուար Անթիլիասի մայրավանքին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համագումար մը տեղի պիտի ունենայ` կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: Համագումարին նպատակը պիտի ըլլայ ընդհանուր քննարկումի ենթարկել քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայ վիճակը Միջին Արեւելքի մէջ եւ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարելիութիւնները:

Իր հարցազրոյցի վերջին բաժինին մէջ, վեհափառը անդրադարձաւ վերջերս Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման: Ան ջերմօրէն ողջունեց այս քաջ քայլը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ` իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ Ֆրանսայի ունեցած յանձնառութեան: Վեհափառը դատապարտեց Թուրքիոյ «տակաւ աճող ժխտողական ու սպառնական ոգին»: Ան ըսաւ. «Թուրքիան փոխանակ ժողովրդավարութեան դասեր տալու Ֆրանսային, թող ինք յարգէ մարդկային իրաւունքները իր սահմաններուն մէջ»: Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ գնահատանքի ու շնորհակալութեան նամակ մը յղած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով իր խոր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակին` թելադրելով, որ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Հայ դատի մարմինները շարունակեն իրենց աշխատանքը ամէն տեղ:

 

 

Նախորդը

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՈՒԷՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ 5-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԱԿԱՆ. ՊԵՐՊԱԹՈՎ ՀԵԹՐԻՔ ՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾԵՑ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.