Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՈՒԷՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

December 27, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քուէյթի դեսպանը եւ նախարար Նալբանդեան

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Քուէյթի նոր նշանակուած դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Քապանտիին իր առաքելութեան մէջ, նշելով, որ Հայաստանի մէջ Քուէյթի դիւանագիտական  ներկայացուցչութեան հիմնումը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման, իսկ դեսպանը իր ուրոյն ներդրումը պիտի ունենայ այդ գործին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց նաեւ, որ հայ-քուէյթեան յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի բարձրացած են 2009-ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի  Քուէյթ կատարած այցելութենէն ետք, որ պատճառ դարձած  է բարձրաստիճան քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հիմնադրման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթութիւններուն համար` դեսպան Քապանտի ընդգծեց, որ Քուէյթի պետութիւնը  կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդումն ու ընդլայնումը, եւ Երեւանի մէջ դեսպանութեան հիմնումը անոր վկայութիւնն է: Դեսպանը վստահեցուց, որ պիտի կատարէ առաւելագոյնը երկկողմանի համագործակցութեան խորացման համար:

Զրուցակիցները անդրադարձան հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ-քուէյթեան միջկառավարական յանձնախումբի առաջին նիստին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին:

Նախարար Նալբանդեան եւ  դեսպան Քապանտի կարեւոր նկատեցին վերջերս Հայաստանի զարգացման գործակալութեան պատուիրակութեան Քուէյթ կատարած այցելութիւնը եւ այդ այցելութեան ընթացքին  Քուէյթի ներդրումային ընկերութեան հետ ստորագրուած փոխադարձ ըմբռնման յուշագիրը`  յայտնելով, որ ատիկա խթան պիտի հանդիսանայ այդ մարզին մէջ համագործակցութեան խորացման համար:

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԵԱՀԿ-Ի ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԻՆՔՆԻՐԵՆ ՄԻԱՅՆ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.