Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Վերջնական Նպատակը Հայաստանի Եւ Արցախի Միաւորումն Է»

August 7, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այն, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, ատիկա յայտնի է: Եւ մենք այդտեղ վերապահում չունինք: Այո, Արցախը Հայաստան է եւ վերջ: Մենք կը կիսենք այդ տեսակէտը»: Այս մասին «Հրապարակ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին (լրագրող` Աննա Պապիկեան) ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Այդ հարցով հակառակ կարծիքի վերաբերեալ ալ ըսաւ, թէ վերջնական նպատակը Արցախի եւ Հայաստանի միաւորումն է. «Ինչո՞ւ, Հայաստանի կամ Արցախի մէջ այլ կարծիք կա՞յ, որ Հայաստանն ու Արցախը նոյնն են, այդ առումով ես կը հասկնամ այն վտանգները, որ կրնան ի յայտ գալ: Ատիկա նոր բան չէ հայ իրականութեան մէջ, այս առումով մենք հարց չունինք: Վստահաբար, մեր վերջնական նպատակը Հայաստանի եւ Արցախի միաւորումն է»:

Խօսելով այն կարծիքին մասին, թէ հակասութիւն կայ Փաշինեանի ըսածներուն մէջ, առիթով մը կ՛ըսէ, որ ինքը Արցախի անունով չի կրնար բանակցիլ, միւս կողմէ, որ Արցախը Հայաստան է, պատասխանեց. «Փաշինեանի բոլոր ելոյթներուն մէջ հակասութիւններ կան, հիմա, եթէ  խորանանք անոր մէջ, բազմաթիւ են իր ելոյթներու հակասութիւնները: Շատ կարեւոր է հասկնանք` արդեօք իր կիրակի օրուան «լայվը», երբ կ՛ըսէր աղէտալի ժառանգութիւն ստացած են ու հիմա կ՛ըսէ, թէ 50 տարի պէտք է վերականգնելու այս ամէն ինչը: Իրատեսական չէ, երբ առօրեայ  խնդիրները չես կրնար լուծել եւ կը խօսիս, թէ 50 տարի ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ: Նախ անմիջական հարցերը փորձէ լուծել, յետոյ խօսիր 50 տարի ետք ըլլալիքին մասին: Ընդհանրապէս լաւ է, երբ պետութիւնը ունի տեսլական, բայց ատիկա յոյս չի ներշնչեր, որովհետեւ իրենք իրենց առջեւ դրած տարրական խնդիրները չեն կրնար լուծել»:

Սաղաթէլեան անդրադարձաւ նաեւ Փաշինեանի ընդհանուր ելոյթին: «Ինչ կը վերաբերի բուն ելոյթին, թէ ինչպիսի՛ Հայաստան կ՛ուզենք ունենալ 50 տարի ետք, ատիկա եւս լաւ է, որ վարչապետը ունի իր տեսլականը, թէ 50 տարի ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ, բայց մենք ունինք առօրեայ, հրատապ խնդիրներ, որոնք կը շարունակեն մնալ չլուծուած: Երբ կառավարութիւնը  իր առջեւ դրած տարրական խնդիրները չի կրնար լուծել եւ կը խօսի 50 տարի ետք ըլլալիքին մասին, ատիկա քիչ մը անհասկնալի է եւ անտրամաբանական»:

 

Նախորդը

Պաքու Կը Դատապարտէ Փաշինեանի Արցախ Այցելութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Համահայկական Խաղերը Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնութեամբ Հայրենիքին Վերստին Շաղկապուելու Բացառիկ Առիթ Են»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.