Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Համահայկական Խաղերը Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնութեամբ Հայրենիքին Վերստին Շաղկապուելու Բացառիկ Առիթ Են»

August 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու մասնակիցներուն եւ հիւրերուն յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ նշած է, թէ խորհրդանշական է համահայկական խաղերը այս անգամ Արցախէն` պատմական Մեծ Հայքի Արցախ նահանգէն սկսիլը:

Համահայկական այս խաղերուն խորհրդանշական երեք ջահ վառած ենք` հայկական պատմական երեք տարածքներու մէջ, որոնք մեզի առնուազն երեք պատգամ կը փոխանցեն`միասնական ըլլալու, մէկ Հայրենիքի շուրջ համախմբուելու եւ զայն հզօրացնելու պատգամ:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է. «Համահայկական խաղերը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեամբ Հայրենիքին վերստին շաղկապուելու բացառիկ առիթ են»:

Վարչապետ Փաշինեան. «Համահայկական Խաղերը Համազգային Խօսակցութեան Շատ Կարեւոր Եւ Լաւ Հարթակ Կրնան Ըլլալ»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում  ունեցած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն:

Վարչապետ Փաշինեան, ողջունելով գործադիր կոմիտէի ներկայացուցիչները, նշած է, որ ոգեւորութեամբ կը սպասէ երեկոյեան տեղի ունենալիք պաշտօնական բացման արարողութեան, որ, կազմակերպիչներուն հաստատումով, բարձր եւ պատշաճ մակարդակի միջոցառում պիտի ըլլայ:

Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Շատ խորհրդանշական կը նկատեմ, որ Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերը տեղի կ՛ունենան  Ստեփանակերտի, Արցախի մէջ: Ես երէկ ալ ըսի, թէ Համահայկական խաղերը Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպելէն ծագեցաւ գաղափարը, որ խաղերը մեր համազգային խօսակցութեան շատ կարեւոր եւ լաւ հարթակ կրնան ըլլալ: Կը կարծեմ` շատ օգտակար է, որ մենք իսկապէս կարենանք համահայկականութեան գաղափարը աւելի ընդլայնել: Այդ առումով, վստահաբար, Համահայկական խաղերը շատ կարեւոր եւ բացառիկ նշանակութիւն ունին», շեշտած է վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեան եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամները միտքեր փոխանակած են Համահայկական խաղերու հետագայ  զարգացման եւ համահայկականութեան տարածման ուղղութեամբ ընելիքներու շուրջ:

 

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Վերջնական Նպատակը Հայաստանի Եւ Արցախի Միաւորումն Է»

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Արցախը Մեր Բոլորին Կիզակէտն Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.