Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Ղեկավարին. «Արցախի Մէջ Անկայունութիւնը Անթոյլատրելի Է»

August 7, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան «Այսօր»-ի լրագրողին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ 5 օգոստոսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքը Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարներու միացեալ հանդիպում էր ժողովուրդին հետ, ուստի` ողջունելի:

Ան նշեց, որ ամէն մէկ քաղաքական ուժ ունի իր դիրքորոշումը` տարբեր քաղաքական հարցերու վերաբերեալ, եւ Դաշնակցութեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը եղած է ու կը մնայ Արցախի միացումը Հայաստանին:

«Դաշնակցութեան համար Արցախը Հայաստան է: Հետեւաբար այս հանրահաւաքին վերաբերեալ իմաստ չենք տեսած յայտարարութեամբ հանդէս գալ, որովհետեւ Դաշնակցութեան քաղաքականութեան առանցքը եւ առաջնահերթ նպատակը այս միասնութիւնն է: Մենք կողմ ենք Արցախի եւ Հայաստանի ոչ թէ ուժեղ կապին, այլ միասնութեան, եւ այդ պարագային ինչպէ՞ս կրնանք մենք նման ձեռնարկի մը ներկայ չըլլալ», ընդգծեց Ա. Սարգսեան:

Անդրադառնալով հանրահաւաքին Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարներուն մասնակցութեան` ան դիտել տուաւ, որ սկիզբը, երբ յայտարարուեցաւ, որ հանրահաւաքին ներկայ պիտի ըլլայ միայն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, քիչ մը տարօրինակ էր, բայց յետոյ, երբ յայտարարուեցաւ նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի մասնակցութեան մասին, ըստ պատգամաւորին, Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարներու նման նախաձեռնութիւն պէտք է միայն ողջունել:

«Մեզի միշտ կը մտահոգէ Արցախի մէջ հաւանական ներքին անկայունութիւնը, քանի որ ատիկա կրնայ դառնալ մեր «Աքիլլեսեան գարշապարը»: Եւ կը կարծեմ, որ այս հանրահաւաքին միջոցով քայլ մը եւս կ՛առնուի ստեղծուած քաղաքական մթնոլորտի լիցքաթափման եւ Արցախի մէջ ներքաղաքական աւելի հանգիստ իրավիճակ ապահովելու համար», նկատել տուաւ Ա. Սարգսեան:

Շարունակելով ներկայացնել Դաշնակցութեան տեսակէտները` Հայաստանի եւ Արցախի միացեալ օրակարգին վերաբերեալ, պատգամաւորը ըսաւ, թէ Հայաստանը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն Արցախի անվտանգութեան, այլ նաեւ անկախութեան երաշխաւորը: «Եւ, հետեւաբար, եթէ Հայաստանի վարչապետը կու գայ եւ Արցախի նախագահին հետ միասին հանդիպում կ՛ունենայ Արցախի ժողովուրդին  հետ, ապա, Հայաստանի իշխանութիւնը կը փորձէ քայլ կատարել նաեւ Արցախի անկախութեան երաշխաւորը ըլլալու հարցին մէջ», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Միջադէպ. Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը Կը Ներկայացնէ Իրաւական Զեկուցում Մը, Իսկ Ապու Պու Ֆաուր Կը Սրէ Իշխանութեան Հետ Բախումի Մթնոլորտը

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տան 89 Անդամներ Միացած Են Արցախին Տրամադրուող Ամերիկեան Օժանդակութեան Կրճատման Դէմ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախաձեռնութեան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.