ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիին յղեց նամակ մը` դատապարտելով Գահիրէի Քասր Այնի շրջանին մօտ արձանագրուած ահաբեկչական միջադէպը:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` համոզում յայտնելով, որ Եգիպտոս պիտի կարենայ իր վճռակամութեանբ յաղթահարել իր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ վերականգնել իր կայունութիւնն ու ապահովութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպան Նաժարիէն խնդրեց իր ցաւակցութեան ու կարեկցանքի խոր զգացումները փոխանցել Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ կառավարութեան:



