Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի Մարզամշակութային Փառատօն

August 7, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին, ուրբաթ, 2 օգոստոս 2019-ին տեղի ունեցաւ մարզամշակութային փառատօն, որ սկիզբ առաւ ժամը 4:30-ին, պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի վեթերան խումբերու մրցումներով, ապա, առաջնորդութեամբ փողերախումբին, տեղի ունեցաւ սկաուտական շարքերու տողանցք, որուն յաջորդեց պաշտօնական ձեռնարկ` ՀՄԸՄ-ի համալիրին դիմաց:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սեպուհ Պոյաճեանը: Ան ըսաւ. «Մուսա Լերան ժողովուրդը Այնճարի հիմնադրութեան առաջին իսկ տարին կարիքը զգալով ՀՄԸՄ-ին` հիմնեց մասնաճիւղը, որ իր կարգին դաստիարակեց սերունդներ` անոնց մէջ թրծելով հայկական ու մարզական ոգին»: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «ՀՄԸՄ-ը իր շուրջ համախմբեց Մուսա Լերան բոլոր սերունդները` անոնց տալով առողջ միտք եւ առողջ մարմին: Առ այդ որպէս Այնճար հայաւանի ՀՄԸՄ-ականներ` կոչ կ’ուղղենք բոլորին, որ տէր կանգնին այս գիւղին, պահպանեն զայն ամէն տեսակի փորձանքներէն եւ անունը բարձր պահեն պապերու քրտինքով կերտուած այս չքնաղ հայաւանին»:

Այնուհետեւ մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին տարբեր տեսակի բուրգեր եւ պարեր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մետալներու բաշխում` վեթերան խումբերուն, որոնք մասնակցեցան ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խաղերուն, ապա Այնճարի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց նուագներու շարք մը:

Օրուան պատգամը տուաւ Մարօ Թազեանը: Ան ներկայացնելէ ետք ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի պատմականը` Ցեղասպանութենէն մինչեւ օրս, ըսաւ. «Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը գիւղի երկսեռ երիտասարդութեան համար կը դառնայ հոգեկան եւ ֆիզիքական կրթութեան ազգային օճախ մը, որ իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ առողջ սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան մէջ»: Ան շարունակեց. «80 տարիներ անցած են այդ օրերէն, տարիներու երազանքները դարձած են իրականութիւն, եւ ահա այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորակառոյց այս համալիրին: Կառոյց մը, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի եւ մանաւանդ Այնճարի մասնաճիւղին հպարտանքն է: 80 տարիներ ետք Այնճարի հիմնադրութենէն եւ ահա ՀՄԸՄ Այնճարը երիտասարդ է, եւ մենք բոլորս ունինք պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն, որպէսզի զայն պահենք միշտ երիտասարդ»: Ան իր խօսքը աւարտեց ու ըսաւ. «Այնճարի 80-ամեակի այս հաւաքը շարժառիթ մը թող ըլլայ 80 տարիներու անդարձ, բայց միշտ ապրող էջերը թերթատելու, յստակ հայեացքով դասեր քաղելու եւ հաստատ քայլերով շարունակելու դէպի նոր հորիզոններ, դէպի 100-ամեայ Այնճար` նոյն վճռակամութեամբ, նոյն հաւատքով եւ ամբողջական նուիրումով»:

Աւարտին, Կրէյս Գալուստեանը պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Մուսա Լեռ-Այնճարի անցեալն ու ներկան իր առաքելութեան արշաւանքին մէջ, ապա խօսքը աւարտեց` հետեւեալով. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:

Պաշտօնական ձեռնարկը վերջ գտաւ Այնճարի աւանդական  թմբուկ-զուռնայով: Ապա բազմութիւնը մեկնեցաւ «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան կից գտնուող բակը, ուր կազմակերպուած էր տօնավաճառ-քերմես:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.