Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

December 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարք եւ նախագահ Սլէյման` պատրիարքարանի դահլիճին մուտքին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Ծննդեան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ մենք խաղաղութիւնը կերտող անձնաւորութիւններէն կ՛ըլլանք, երբ երկրին ընկերային-տնտեսական

կացութիւնը բնականոն դարձնենք, փտածութեան վերջ տանք, տագնապները լուծենք եւ իրարու հետ հաշտութիւն կնքենք:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը արդարութեան պտուղն է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է երկրին ապահովական ու պաշտպանութեան բոլոր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ զէնքերը քաղաքական իշխանութիւններուն եւ երկրին օրինական զինուորական ուժերուն ենթարկէ:

«Երկրին դատական իշխանութիւնները պէտք է անկախ գործեն եւ արդար վճիռներ արձակեն` հեռու մնալով անիրաւութենէն: Մենք կը փափաքինք տեսնել արդար դատական իշխանութիւններ, որոնց նախագահները պարկեշտ, արժանապատիւ եւ քաջ դատախազներ են», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ լիբանանցիները համախմբելու եւ ներման օրէնք մը հրապարակելու, որպէսզի բռնի ուժով Իսրայէլ փախուստ տուած լիբանանցիները կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը:

Նախքան Ս. Ծննդեան պատարագը, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը համաձայն են պետական նշանակումներուն վերաբերեալ որդեգրուած ուղեգիծին: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը պիտի վերսկսի` քննարկելու համար Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնն ու զէնքի թղթածրարը, որ ունի երեք ճիւղաւորումներ, ա) պաղեստինեան զէնքին վերաբերող լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստէն բխած որոշումին գործադրութիւնը, բ) Դիմադրութեան զէնքէն դրական կերպով օգտուելու կարելիութիւնը եւ գ) լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած զէնքն ու զանոնք ապազինելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց նաեւ վաւերացնելու ընտրական արդի օրէնք մը, որ բոլորին մտահոգութիւնները կը փարատէ եւ Թաէֆի համաձայնագիրին ծիրին մէջ կը գործէ:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է` ցաւակցութիւն յայտնելու համար

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքներուն պատճառած զոհերուն: Ան վերահաստատեց, որ Լիբանան խստիւ կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահին եւ Լիբանանի Առաջին տիկինին կողքին Ս. Ծննդեան պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, որոնց շարքին նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին երէկ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց պատրիարքին:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, որ շնորհաւորեց պատրիարքը եւ յայտնեց, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ պատրիարքին միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակուին` ընդգծելու համար լիբանանեան ազգային միացեալ սկզբունքներուն կարեւորութիւնը` Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու առումով:

Հարիրի նշեց, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է բազմապատկել ջանքերը` իրականացնելու համար լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիէն, Ֆուատ Սինիորայէն եւ Սելիմ Հըսէն, ինչպէս նաեւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսէն եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.