Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անցեալ շաբաթավերջին Ամշիթի իր բնակարանին մէջ շարունակեց ընդունիլ պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնցմէ շնորհաւորութիւններ ընդունեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:
Շնորհաւորողներուն շարքին էին ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, տնտեսական, տեղեկատուական եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ գործող պատասխանատուներ, սենտիքաներու եւ միութեանց նախագահներ, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու քաղաքապետական խորհուրդներ:


